«Էմ. Վի. Փի.»-ն իր գործը ըրաւ, եւ Արեւմտեան շրջանի ճակատումները հաւասարեցան (1-1):
Արդարեւ, Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 30 կէտ նշանակեց եւ պահեստի մարզիկ Ալեքս Քարուաօ աւելցուց 17 կէտ ի նպաստ Օքլահոմայի, որ 122-113 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնիօ Սփըրզին:
Չեթ Հոլմկրեն 13 կէտ աւելցուց, մինչ պահեստի մարզիկներ Ճերըտ Մաքէյն եւ Քէյսըն Ուալաս 12-ական կէտեր նշանակեցին: Պէտք է ըսել, որ պահեստի մարզիկներու (57-25) նշանակած կողովները շատ օգնեցին Օքլահոմային, որ օգտուեցաւ նաեւ թըրն-օվըրներէ (27-10) նշանակուած կէտերէն:
Իրապէս բարձր մակարդակի աւարտական մըն էր, ուր փոքր մանրամասնութիւննեով է, որ խումբ մը կրնայ յաղթել միւսին:
Սթեֆըն Քեսըլ 25 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սան Անթոնիոյի, որուն մարզիկներէն Տեվըն Վեսըլը (22 կէտ) եւ Վիքթոր Ուեմպանեաման (21 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 4 պլոք) փայլեցան:
Այզիա Հարթընսթին, որ առաջին ճակատումին շատ կարճ ելոյթ ունեցաւ, 10 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի, որ այս տարեշրջանին ամէն պարտութենէ ետք 14-5 արդիւնքով կը փոխադարձէր: Հակառակ այս յաղթանակին, Օքլահոմա միայն 2-րդ անգամ ըլլալով կրցաւ յաղթել Սփըրզի այս տարեշրջաններու 7 հանդիպումներուն, եւ անոնք պէտք է իրենց լաւագոյնը տան, եթէ կ՛ուզեն այս տարի եւս շահիլ «Էն. Պի. Էյ.»ի տիտղոսը:
Այժմ ճակատումները կը փոխադրուին Սան Անթոնիօ, որ կը հիւրընկալէ 3-րդ եւ 4-րդ մրցումները: