Հայ բռնցքամարտիկ Անդրանիկ Մարտիրոսեան դարձաւ Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի ոսկի մետալակիր: Մետալներու համար կը պայքարէին 24 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Մրցաշարքին մասնակցեցան մեծ թիւով աշխարհի եւ Ողիմպիական խաղերու ախոյեաններ եւ մրցանակակիրներ:
Մինչեւ 65 քկ կշիռի կարգին մէջ, Մարտիրոսեան շատ ինքնավստահ մրցաշարք մը ունեցաւ եւ աւարտականին համոզիչ յաղթանակ տարաւ պուլկարացի բռնցքամարտիկ Վիքթորիօ Իլիեւի դէմ: Հայ մարզիկի մրցակիցը 2023-ի Եւրոպայի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ախոյեանն էր, որ Մարտիրոսեանի յաջողութեան տուաւ առանձնայատուկ արժէք:
Անդրանիկ Մարտիրոսեան, որ իր կարգին 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձած է, ինքզինք հաստատեց միջազգային ասպարէզին մէջ` շնորհիւ իր բարձր եւ կայուն մակարդակին:
Պելկրատի միջազգային մրցաշարքին յաջողութեամբ մասնակցեցան նաեւ Հայաստանէն այլ ներկայացուցիչներ: Էրիկ Առստամսեան, Մարատ Միքայէլեան եւ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան դարձան միջազգային այս մրցաշարքի պրոնզէ մետալակիրներ: