Լը Տրիան. «Լիբանան Իր Միասնութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան Մակարդակին Վրայ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Ֆրանսայի նախագահի Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ. Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանին ու «Էր.Էմ.Սէ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ երէկ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է»` միեւնոյն ժամանակ ողջունելով շարունակութիւնը բանակցութիւններուն, որոնք Իսրայէլի եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի միջեւ հակամարտութենէն ելքի «հորիզոններ» կը տրամադրէ:

«Լիբանան իր միասնութեան եւ հողային ամբողջականութեան մակարդակին վրայ վտանգաւոր կացութեան մէջ է», ըսաւ ան` նշելով, որ լիբանանեան ընկերութեան բաղադրիչ մասերուն միջեւ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի նկատմամբ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:

«Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ անոր մէկ մասը Իսրայէլը բռնագրաւած է, իսկ միւս մասին վրայ կը գործէ Հըզպալլան, որ իրանեան շահերուն, այսինքն` օտար ուժի մը շահերուն կը ծառայէ», նշեց ֆրանսացի պատուիրակը:

Լը Տրիան ողջունեց զինադադարը, որ անոր համաձայն, «կը բանայ 45 օր տեւող հորիզոն մը, որուն ընթացքին քննարկումը պիտի շարունակենք»:

Ան յայտնեց, որ լիբանանցի ղեկավարները այս հոլովոյթին մէջ «բարձր մակարդակի վրայ» եւ «քաջարի» են` իրենց երկիրը «այս օղակէն դուրս բերելու եւ լիբանանեան պետութեան գործելու ու գոյութիւն ունենալու միջոցներ վերատրամադրող ուղիի հասնելու» նպատակով իսրայէլեան կառավարութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններու կոչ ուղղելնուն համար:

Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակը նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն բանակցային այս հոլովոյթին ներգրաւուածութիւնը «դրական է», «թէեւ Իսրայէլ մերժեց, որ Ֆրանսան այդ քննարկումին մասնակցի, հակառակ անոր որ լիբանանցիները ատիկա խնդրած էին»:

Leave a Comment