Իսրայէլի Մէջ Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կրնան Տեղի Ունենալ

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը նախնական ընթերցումով հաւանութիւն տուաւ ինքնալուծարման օրինագիծին. երկիրը կը շարժի դէպի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

120 աթոռներ հաշուող խորհրդարանը լուծարելու նախագիծը որդեգրուեցաւ 110 թեր եւ 0 դէմ քուէներով: Օրինագիծի վերջնական որդեգրումը, սակայն, կրնայ շաբաթներ տեւել:

Քնեսեթը լուծարելու նախագիծը ներկայացուց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը, երբ Նեթանիահուին աւանդաբար աջակցող ծայրայեղ ուղղափառ կուսակցութիւնները դժգոհեցան, որ վարչապետը չէ կատարած իրենց համայնքի ներկայացուցիչները պարտադիր զինուորական ծառայութենէն ազատ կացուցելու մասին օրինագիծ ներկայացնելու խոստումը:

«Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, Կազայի մէջ Համասի եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ պատերազմները, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու հետ համատեղ զինուորական գործողութիւնները կրնան ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազդել:

Լրատու գործակալութեան համաձայն, Իսրայէլի մէջ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ 2023 թուականին Համասի յարձակումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Նեթանիահու կրնայ ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութիւն կրել:

 

 

Leave a Comment