Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատած է Փարիզի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ ընդգծած այդ հոլովոյթին շարունակական յառաջ մղումին կարեւորութիւնը:
Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ այս առնչութեամբ իր գրառումին մէջ նաեւ նշած է, որ անդրադարձած է շրջանային հարցերուն եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Ալիեւ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ յայտնած է, որ ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեան կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Մաքրոնի հետ քննարկած են Ազրպէյճան-Ֆրանսա երկկողմանի յարաբերութիւնները, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերը եւ շրջանային ու համաշխարհային զարգացումները:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահը այս ամսուան սկիզբը Երեւանի մէջ լրագրողներուն ըսած էր, թէ կը պատրաստուի Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը քննարկել: