Հեծելարշաւ. Էդուարդ Գրիգորեան Եւ Դաւիթ Մաթեւոսեան` Արծաթ Մետալակիրներ

Հայաստանի հեծելարշաւի հաւաքականի երիտասարդ ներկայացուցիչներ Էդուարդ Գրիգորեան եւ Դաւիթեան Մաթեւոսեան յաջող ելոյթ ունեցած Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած «Սիլք Ուէյ Սիրիզ Ասթանա» միջազգային մրցաշարքին:

Հայ մարզիկները այս մրցաշարքին մասնակցեցան գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Մկրտչեանի ղեկավարութեամբ եւ կարեոր արդիւնք արձանագրեցին «Մետիսըն» ձեւի պատանիներու մրցումին: «Մետիսըն» ձեւը տեղի կ՛ունենայ, երբ զոյգեր կը մասնակցին մէկը աւելի առաջ ըլլալով ձեռք երկարելով դէպի ետ` իր ընկերոջ, որ ուժ առնելով դէպի առաջ կու գայ եւ կը գլխաւորէ զոյգի առաջին ղեկը:

Այս մարզաձեւին Գրիգորեան-Մաթեւոսեան զոյգը ցուցադրեցին ներդաշնակ խմբային աշխատանք` պայքարելու բարձր որակ ցուցաբերելով, եւ կրցան Բ. դիրքը գրաւել:

Ելոյթի արդիւնքին հիմամբ զոյգը նուաճեց արծաթէ մետալ` հաստատելով հեծելարշաւի աշխարհին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն` միջազգային ասպարէզին մէջ:

Այս արդիւնքը մեծ նշանակութիւն ունի հայկական հեծելարշաւի զարգացման համար: Նման մակարդակի մրցաշարքերը երիտասարդ մարզիկներուն կու տան շատ կարեւոր փորձառութիւն եւ կարելիութիւն կը ստեղծեն իրենց ուժերը փորձելու ուժեղ մրցակիցներու հետ` դառնալով կարեւոր փուլ մը նոր նուաճումներու ճամբուն վրայ:

 

Leave a Comment