Հաճիեւ. «Հայաստանէն Վտարուած 300 Հազար Ազրպէյճանցի Գաղթականներ Ազրպէյճան Տեղափոխուած Են»

Ազրպէյճանի մէջ հարկադիր տեղահանուածներու համար նախատեսուած էին որոշակի պետական արտօնութիւններ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

«Ազրպէյճանի կառավարութեան հիմնական նպատակն էր ապահովել անոնց անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց տուներ: Հակառակ այդ ժամանակաշրջանի ծանր պայմաններուն, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը գաղթականներու եւ հարկադիր տեղահանուածներու համար կառուցած է 300 հազար տուն եւ բնակարան, որպէսզի մարդիկ կարենան բնական պայմաններու մէջ ապրիլ: Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր լեզու ունի այսպիսի արտայայտութիւն. անկախ անկէ` ատիկա մեծ է, թէ փոքր, մարդու համար սեփական տունը անոր ամրոցն է: Առաջնորդուելով այս փիլիսոփայութեամբ` մենք տեղահանուածներուն ապրելու պայմաններ ապահոված ենք:

«Սակայն անոնց գլխաւոր ցանկութիւնը, միեւնոյնն է, տուն վերադառնալն էր: Մինչդեռ հարկադիր տեղահանուածներու տեղակայման առնչուած խնդիրներն ալ աւելի կը բարդանային: Որովհետեւ Ազրպէյճան ժամանած են նաեւ Հայաստանէն վտարուած 300 հազար ազրպէյճանցի գաղթականներ», ընդգծած է Հիմքեթ Հաճիեւ:

Ան նշած է, որ այժմ հակամարտութիւնը ետին մնացած է, եւ Ազրպէյճան բախած է նոր իրողութիւններու:

Leave a Comment