«Խաղաղութեան Գլխաւոր Խոչընդոտը Կը Մնայ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանը

Խաղաղութեան գլխաւոր խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի սահմանադրութիւնը: Այս մասին թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետով:

Դիւանագէտը, պատասխանելով հայ-թրքական սահմանի փակման գործին մէջ Պաքուի դերի մասին հարցումին, նշած է, որ շրջանային կարգաւորման հոլովոյթները կ՛ընթանան զուգահեռաբար:

Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ սահմաններու հաւանական բացումը ուղղակիօրէն կախեալ են խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն եւ Երեւանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններէն:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը համաձայնեցնեն իւրաքանչիւր դիւանագիտական քայլ եւ յառաջ կը շարժին բացառապէս միասին:

Ազրպէյճանի դեսպանը կը պնդէ, որ խաղաղութեան գլխաւոր խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի սահմանադրութիւնը, որուն մէջ Պաքուն տարածքային պահանջներ կը տեսնէ:

Մամետով վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ 7 յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք պիտի կատարուի սահմանադրական հանրաքուէ, ինչն ալ ի վերջոյ կողմերուն պիտի արտօնէ ստորագրութիւններով վաւերացնել արդէն իսկ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Leave a Comment