Իսրայէլեան Բանակը Թուրքիայէն Կազա Ուղղուող Տորմիղի Մը Նաւերը Գրաւեց

Իսրայէլեան ուժերը երէկ Կիպրոսի ծովափին մօտ փակեցին անցեալ շաբաթ Թուրքիայէն Կազա ուղղուող եւ օժանդակութիւններով բեռնաւորուած «Համաշխարհային հաստատակամութեան նաւատորմիղ»-ին ճամբան: Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր նաւերը բարձրանալով զանոնք գրաւեցին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախքան այդ յայտարարած էր. «Իսրայէլ Կազայի դէմ հաստատուած օրինական ծովային շրջափակման որեւէ խզում պիտի չարտօնէ: Իսրայէլ այս սադրանքին բոլոր մասնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ` իրենց ուղղութիւնը փոխելու եւ անմիջապէս վերադառնալու»:

«Այս սադրանքին նպատակը Համասին ծառայելն է, ինչպէս նաեւ Համասի իր զինաթափումը մերժելէն եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրի յառաջընթացը խոչընդոտելէն ուշադրութիւն շեղելն է», նշեց նախարարութիւնը:

 

Leave a Comment