Պըրրի Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Այսօր Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի` Քննարկելու Համար Համաներումի Օրինագիծը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը  այսօր հրաւիրեց խորհրդարանին մէջ ժամը 11:00-ին տեղի ունենալիք նիստի մը` շարունակելու համար համաներումի եւ պատիժներու ժամկէտը արտակարգ կերպով նուազեցնելու օրինագիծին քննարկումը:

Կը նշուի, որ եթէ ճշդուած ժամուն օրինաթիւ չգոյանայ, յանձնախումբերը կէս ժամ ետք իրենց անդամներու մէկ երրորդին մասնակցութեամբ կը գումարեն ժողովը:

Պըրրի նաեւ խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Այն Թինէի մէջ ժողովի:

Leave a Comment