Աշխարհի տարբեր երկիրներէ խումբ մը իրաւապաշտպաններ Արցախի նախկին պետական նախարար, Ազրպէյճանի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Ռուբէն Վարդանեանի թեկնածութիւնը առաջադրած են Վացլաւ Հաւելի անուան մարդու իրաւունքներու 2026-ի մրցանակին:
Առաջադրող խումբի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ առաջադրման հիմքին մէջ Ռուբէն Վարդանեանի «նշանակալի ներդրումն է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ամբողջ աշխարհին մէջ` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջոցով, ինչպէս նաեւ անոր նուիրուածութիւնը` բարձրաձայնելու իր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին Արցախի մէջ»:
«Ռուբէն Վարդանեանի, անոր գործընկերներ Նուպար Աֆէեանի եւ Վարդան Գրեգորեանի համահիմնադրած «Աւրորա» մրցանակը կարելիութիւն ընձեռած է շարունակել «Աւրորա»-ի դափնեկիրներու գործունէութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւ բառացիօրէն հազարաւոր կեանքեր փրկել աշխարհի տարբեր երկիրներուն եւ ցամաքամասերուն մէջ: Ռուբէնը կը հաւատայ, որ բարին յաւերժ է եւ անմահ, եւ անիկա կ՛ուժեղանայ, երբ բարի գործ կ՛ընես: Անոր շնորհիւ եւ աջակցութեամբ կարելի եղած է շարունակել պաշտպանել դժուարին իրավիճակներու մէջ յայտնուած մարդոց իրաւունքները, կեանքը շարունակելու երկրորդ կարելիութիւն տալ անոնց», նշուած է իրաւապաշտպաններու յայտարարութեան մէջ:
«Ռուբէնի համար մարդու իրաւունքներու, արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը ամէն ինչէ վեր է: Այդ իսկ պատճառով մեզ բոլորիս համար աւելի քան հասկնալի էր ծանր վիճակի մէջ յայտնուած Լեռնային Ղարաբաղի իր հայրենակիցներու կողքին գտնուելու անոր որոշումը: Ռուբէնը այնտեղ հանդէս կու գար իբրեւ բնիկ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան», կը նշեն իրաւապաշտպանները: