Մինչ Անուղղակի Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին. Իրանի Վրայ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Միացեալ Յարձակում Մը Հաւանակա՞ն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ նշեց. «Իրանցիները անհամբեր կը սպասեն համաձայնութեան կնքման»:

Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Փաքիստանի իշխանութիւնները երէկ գիշեր Իրանին յղեցին պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան առաջարկ մը»:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին իրանեան բանակցային պատուիրակութենէն աղբիւր մը վկայակոչելով հաղորդեց, որ Թեհրան փաքիստանցի պատուիրակին 14 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը յանձնած է:

Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մըն ալ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարար Մուհսեն Նաքուի Թեհրան իր այցելութիւնը երրորդ օրով երկարաձգած է: Ան շաբաթ օր անակնկալ կերպով Թեհրան հասած էր:

Փաքիստանեան «Տաուն» օրաթերթը, Իսլամապատի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդած էր, որ Փաքիստանի ներքին գործոց նախարարի Թեհրան անակնկալ այցելութեան նպատակը բանակցութիւններու տապալումը կանխարգիլելն է:

Մինչ այդ, Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը Հորմուզի նեղուցի կառավարման նոր մարմինի մը կազմութիւնը յայտարարեց:

Թրամփ նախքան այդ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց, որ եթէ իրանեան վարչակարգը աւելի լաւ առաջարկ մը չներկայացնէ, շատ աւելի ծանր հարուած մը պիտի ստանայ:

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Թրամփ կ՛ուզէ պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան մը հասնիլ, սակայն Իրանի որեւէ զիջում կատարելու անպատրաստակամութիւնը զինուորական ընտրանքը վերստին կը դնէ սեղանի վրայ:

Ամերիկացի պաշտօնատարները կայքին նշած են. «Կը նախատեսենք, որ Թրամփ երեքշաբթի օր իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ժողով մը գումարէ` քննարկելու համար Իրանի դէմ զինուորական քայլ մը:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն խօսած են Թրամփի Չինաստան այցելութեան մանրամասնութիւններուն եւ Իրանի մէջ կռիւի վերսկսման կարելիութեան մասին:

Պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը իրենց զինուորական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուցած են` Իրանի դէմ կռիւի վերսկսման հաւանականութենէն մեկնելով:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը շեշտեց, որ եթէ Թրամփ պատերազմը վերսկսելու կանաչ լոյսը տայ, միացեալ յարձակումներ պիտի շղթայազերծուին:

Թրամփ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնեց. «Իրանցիները պէտք է ինձմէ զգուշանան»:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթավերջին խորհրդակցած է Ազգային անվտանգութեան հարցերով խումբին հետ` Իրանի դէմ Ուաշինկթընի հաւանական հետագայ գործողութիւններուն շուրջ:

Խորհրդակցութիւնը տեղի ունեցած է Վըրճինիա նահանգի Թրամփի կոլֆի ակումբին մէջ: Հանդիպումին, ուրիշներու շարքին, ներկայ եղած են փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռեթքլիֆը եւ ամերիկեան վարչակազմի ղեկավարի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը:

Կը նշուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը, ինչպէս կը սպասուի, շաբթուան ընթացքին կրկին հանդիպում ունենայ ազգային անվտանգութեան խումբի ներկայացուցիչներուն հետ:

«Սի.Էն.Էն.» կը մատնանշէ, որ Փենթակոնը քանի մը ծրագիր պատրաստած է Իրանին հարուածներ հասցնելու վերաբերեալ, եթէ Թրամփ որոշէ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսելու: Թիրախներու շարքին են իրանեան ուժանիւթի եւ ենթակառոյցներու վայրերը:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթն ալ շաբաթավերջին ամերիկեան եւ միջինարեւելեան պաշտօնատարներ մէջբերելով գրած էր, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը աշխուժ կերպով այս շաբաթ Իրանի դէմ պատերազմը վերսկսելու կը պատրաստուին:

Օրաթերթին տուեալներով` Թրամփի մերձաւոր օգնականները պատրաստած են Իրանին հասցուելիք նոր հարուածներու ծրագիր, եթէ Ուաշինկթըն որոշէ հակամարտութեան մէջ յառաջացած փակուղիէն մագլցումի ճամբով դուրս գալ:

Քննարկուող տարբերակներու շարքին են Իրանի զինուորական կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու աւելի լայնածաւալ ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ հաւանական ցամաքային գործողութիւն մասնայատուկ ուժերու մասնակցութեամբ` ստորգետնեայ հիւլէական կայաններու մէջ հարստացուած իւրանիոմ փնտռելու համար: Այդպիսի գործողութեան համար, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին, հազարաւոր զինուորներ պիտի պահանջուին:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի բանբեր Իպրահիմ Ռիտայի «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի վրայ ցամաքային յարձակումի շղթայազերծման պարագային հրաման տրուած է ոեւէ ամերիկացի զինուոր ողջ չձգելու:

«Թեհրան Ուաշինկթընին որեւէ զիջում կամ արտօնութիւն պիտի չտրամադրէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ներկայիս բանակցութիւնները պատերազմէն առաջ եղածներէն տարբեր են»:

«Ուաշինկթընին անտրամաբանական է բանակցութիւններուն մէջ տալ այն, ինչ որ պատերազմին ընթացքին չկրցաւ ստանալ», յայտնեց Ռիտայի:

«Միացեալ Նահանգներ երկու ընտրանք ունին` կա՛մ դիւանագիտութեան ճամբով բանակցիլ եւ զիջումներ կատարել, կա՛մ ալ հրթիռներուն հետ բանակցիլ»:

Իրանեան զինեալ ուժերու բանբեր Ապուլֆատլ Շաքարժի զգուշացուց Միացեալ Նահանգներու կորսուած վարկը փոխհատուցելու համար որեւէ անմտութիւն կրկնելէ, որ միայն աւելի ուժեղ հարուածներ ստանալու պիտի յանգեցնէ:

«Շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերն ու անոնց սեփականութիւնները նոր, յարձակողական, անակնկալ եւ փոթորկալից բեմագրութիւններ պիտի դիմագրաւեն, եւ պիտի խեղդուին այն ճահիճին մէջ, ուր իրենք մուտք գործեցին», նշեց Շաքարժի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց. «Մենք պատրաստ ենք որեւէ բեմագրութեան: Իրանի զինեալ ուժերը 40 օրուան ընթացքին ցոյց տուին, որ մենք ամենայն ուժգնութեամբ պիտի պատասխանենք որեւէ անխոհեմ քայլի»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Նախագահ Թրամփն ու անոր չինացի պաշտօնակիցը համաձայն գտնուեցան, որ կարելի չէ որեւէ պետութեան Հորմուզի նեղուցէն անցումի համար տուրքեր պարտադրել արտօնել»:

Ամերիկեան 5 Պայմաններ

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուած իրանեան պահանջներուն ի պատասխան, Ուաշինկթըն Թեհրանին ներկայացուցած է իր սեփական հինգ պայմանները, որոնք, ամերիկեան վարչակազմին համոզումով, անհրաժեշտ են երկու երկիրներուն միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթը շարունակելու համար:

Լրատու գործակալութեան տուեալներով` Միացեալ Նահանգներ կը մերժեն վճարել որեւէ փոխհատուցում այն վնասին համար, որ հասցուած է իրանեան տարածքի ռմբակոծման ժամանակ:

Բացի ատկէ, Ուաշինկթըն կը պնդէ Իրանէն 400 քիլոկրամ հարստացուած իւրանիոմի Միացեալ Նահանգներ արտածման եւ Իրանի տարածքին միայն մէկ գործող հիւլէական կայան մնալուն վրայ:

«Ֆարս» կը նշէ, որ Ուաշինկթըն մտադիր չէ ապասառեցնել իրանեան սառեցուած հաշիւներու 25 առ հարիւրէն աւելին եւ կը յայտարարէ, որ բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ, պատերազմի դադրեցման հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու ընթացքին:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի տուեալներով` վէճի հիմնական առարկան կը մնայ Իրանի հիւլէական ծրագիրը: Ուաշինկթըն Թեհրանէն կը պահանջէ անմիջապէս հիւլէական ենթակառոյցի եւ իւրանիոմի պաշարներու սահմանափակման պարտաւորութիւններ ստանձնել, մինչդեռ Իրան կ՛առաջարկէ այդ հարցը առանձին քննարկել 30 օրուան ընթացքին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Իրանի առաջարկները անընդունելի որակած էր, Թեհրանն ալ պնդած էր, որ Թրամփի արձագանգը որեւէ նշանակութիւն չունի:

 

Leave a Comment