Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Վատիկան

Կիրակի, 17 մայիս 2026-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական քառօրեայ այցելութեամբ հասաւ Վատիկան:

Ժամանումէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի պատասխանատուներուն հետ` յառաջիկայ օրերու ծրագիրներուն առնչուած:

Վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` Կոմիտաս արք. Օհանեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Բաբգէն արք. Չարեան, Շահէ արք. Փանոսեան, Մակար արք. Աշգարեան, Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, Սահակ եպս. Եմիշեան, Տաճատ եպս. Աշըգեան, Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան:

Վեհափառ հայրապետին այցելութեան յատուկ կարեւորութիւն տուած է Վատիկանը` յատկապէս լայն տեղ տալով հանդիպումներու առնչուած տեղեկութիւններուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք զանոնք: Վատիկանի Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը երկուշաբթի, 18 մայիս 2026-ին, այցելութիւն պիտի տայ Լեւոն ԺԴ. սրբազան պապին: Այս մէկը պիտի ըլլայ վեհափառ հայրապետին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Լեւոն ԺԴ. պապին: Երկուշաբթի օրուան քահանայապետի եւ վեհափառ հայրապետի միջեւ կայացած առանձնական հանդիպման պիտի յաջորդէ աղօթքի պահ մը Առաքելական պալատի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ:

«Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. նաեւ պիտի այցելէ Քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական վերատեսչութիւնը եւ Հռոմէական Քուրիայի այլ գրասենեակներ: Իսկ 19 մայիսին, Քահանայապետական արեւելեան հիմնարկին մէջ, վեհափառ հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն մասին», նշուած է միշտ Ս. աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Թէեւ այս այցելութիւնը կը հանդիսանայ Արամ Ա. վեհափառի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Լեւոն ԺԴ. պապին, սակայն պէտք է նշել, որ անոնք առիթը ունեցան իրար հանդիպելու Լեւոն ԺԴ.-ի Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին: Բացի վերոնշեալ հանդիպումներէն վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները հիւրը պիտի հանդիսանան նաեւ Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին, ի ներկայութեան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին:

Վատիկանի Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը այս առիթով կը նշէ նաեւ, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տարբեր առիթներով այցելած է Վատիկան եւ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր քահանայապետներու հետ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետ 1997-ին, ստորագրելով համատեղ յայտարարութիւն մը, ապա 2000 թուականի Յոբելենական տարուան առիթով: Ան այցելած ու հանդիպած է նաեւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ 2008-ի նոյեմբերին, ապա հայասէր քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին հետ, տարբեր առիթներով` 2014-ին, 2015-ին, 2018-ին, 2021-ին եւ 2024-ին:

Այցելութիւններ, որոնք կը հաստատեն երկու եկեղեցիներուն միջեւ սերտ ու բարեկամական կապերը եւ համամիութենական ուղիով անոնց ընթացքը:

Leave a Comment