Ռուսիոյ հետ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը 2025 թուականին նուազած է 45,4 առ հարիւրով` Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտման մասին խօսակցութիւններուն լոյսին տակ, իսկ Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալը, փորձագէտներու գնահատականներով, կը սպառնայ Հայաստանի տնտեսութեան առնուազն 5 միլիոն տոլարի կորուստ պատճառել: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստան ԵԱՏՄ-ին միացած է 2015 թուականին, եւ անդամակցութեան տասը տարիներուն ընթացքին երկրին Համախառն ներքին արտադրութիւնը աճած է 2,5 անգամ` 10,55-էն հասնելով 26,37 միլիառ տոլարի:
«Բացի հսկայական շուկայ մուտք գործելէն` Հայաստանը արտօնութիւններ ստացած է ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Մեր երկիրը Հայաստանին կազ կը վաճառէ 1000 խորանարդի դիմաց 177,5 տոլարով: Այդ նոյն ժամանակ Եւրոպայի մէջ 1000 խորանարդի համար գինը 633 տոլար է: Հայաստանի արտածման 25 առ հարիւրը բաժին կ՛իյնայ Ռուսիոյ», նշած է Տումայի նախագահը:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ աշխատող եւ այնտեղ գործ կառուցող Ռուսիոյ քաղաքացիները սկսած են փակել իրենց ձեռնարկութիւնները: Անոր համաձայն, անոնք կը հեռանան` ապագայի անորոշութեան հետ պայմանաւորուած ստեղծուած կացութեան եւ յառաջանալիք հաւանական խնդիրներու պատճառով:
«Ասիկա միայն մակերեսային պատկերն է: Կորուստները աւելի շատ պիտի ըլլան: Եւ անոնց բացարձակապէս ոչ բոլորը կ՛առնչուին ելեւմուտքին», աւելցուցած է Վոլոտին:
«Արդէն կը տեսնենք պատմութիւնը վերաշարադրելու, ազգային ու աւանդական հիմքերը խարխլելու փորձեր: Հայ ժողովուրդին մէջ արեւմտեան ազատական արժէքներ կը սերմանեն, հալածանք կ՛ընթանայ եկեղեցւոյ դէմ: Այս ամէնը կը յանգեցնեն հասարակութեան պառակտման: Եւ, թերեւս, ասիկա մեծագոյն կորուստն է, որ հաւանական է Հայաստանի մէջ` միասնութեան կորուստ», «Մաքս» հարթակի իր ալիքին վրայ գրած է Տումայի նախագահը:
Ան պատմական զուգահեռներ կատարելով յիշատակած է օրինակը 2014 թուականին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ Մերպալթեան երկիրներուն, որոնք կը ձգտէին դառնալ Եւրոպական Միութեան մաս, սակայն, «ինչպէս ժամանակը ցոյց տուաւ, ատկէ աւելի երջանիկ չեն դարձած»:
Վոլոտին ընդգծեց, որ ճամբու ընտրութիւնը պէտք է նախ եւ առաջ հիմնուած ըլլայ ժողովուրդի կամքին վրայ: Անոր կարծիքով` քաղաքական գործիչը ինչ պաշտօն ալ վարէ, ատով պէտք է առաջնորդուի: