Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 17 տարեկաններու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ հայկական ըմբշամարտին համար: Հայաստանի հաւաքականի կազմէն աղջկանց ըմբշամարտի մրցումներուն հանդէս եկաւ Արիանա Մարտիրոսեան:
Հայ մարզիկը կը պայքարէր մինչեւ 46 քկ կշիռի մրցումներուն: Դժբախտաբար անոր մասնակցութիւնը կարճ տեւեց, որովհետեւ Մարտիրոսեան իր առաջին մրցումին պարտութիւն կրեց եւ դուրս մնաց:
Սակայն այս մակարդակի մրցաշարքին հայ ներկայացուցիչի մասնակցութեան փաստը ինքնին արժանի է առանձին ուշադրութեան: Ասիկա կարեւոր քայլ մըն է աղջկանց ուղղութեան զարգացման ճամբուն վրայ: Վերջինս երկար տարիներէ ի վեր փաստացի կայուն ներկայութիւն չէր ունեցած համաշխարհային միացեալ ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կազմակերպած գլխաւոր մրցաշարքերուն:
20 տարիէ ի վեր հայկական մարզական աշխարհին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի առաջին ելոյթն էր ասիկա աղջկանց ըմբշամարտին մէջ միջազգային մրցաշարքի մը ընթացքին: Նոյնիսկ իր կրած պարտութեամբ հանդերձ Արիանա Մարտիրոսեանի մասնակցութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ լաւ ազդակ, որ Հայաստանի մէջ կարելի է ձեւաւորել ըմբշամարտի նոր ուղղութիւն:
Պէտք է ըսել սակայն, որ աղջկանց ըմբշամարտը Հայաստանի համար ամբողջութեամբ նոր էջ չէ: Նախապէս միջազգային ասպարէզին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնէր Ռուսիայէն հայազգի Կարինէ Շադոյեան, որ հանդէս եկած էր Հայաստանի դրօշին տակ, եւ 2006-ին նուաճած Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալ: Այդ պրոնզէ մետալը մինչեւ օրս կը մնայ պատմական նուաճում, եւ այսօր Արիանա Մարտիրոսեանի յայտնուիլը երիտասարդներու մակարդակին մէջ կրնայ դառնալ առաջին քայլը դէպի Հայաստանի վերադարձ աղջկանց ըմբշամարտ:
Այս պատճառով ալ այս ուղղութիւնը ժամանակի, աջակցութեան եւ նոր ըմբիշներու մասնակցութեան կը կարօտի, սակայն սկզբնական քայլը արդէն իսկ առնուած է: