«Էն. Պի. Էյ.» Այսօր Գիշեր Քլիվլենտ Եւ Սան Անթոնիօ Կրնան Հասնիլ Աւարտական

Այսօր գիշեր կրնան վերջ գտնել «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումներու ելոյթները, ուր Քլիվլենտ Քեվելիրզ կը հիւրընկալէ Տիթրոյիթ Փիսթընզը:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ Արեւելեան շրջանի 4-րդ դասուած խումբն է, բայց 3-2 արդիւնքով յառաջացած է եւ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ 6-րդ ճակատումը:

Տոնավըն Միչել, Ճէյմս Հարտըն, Էվըն Մոպլի, Ճերըթ Էլըն եւ Մաքս Սթրաս իրենց դէմ պիտի ունենան Քէյտ Քանինկհեմ, Թոպիաս Հերիս, Տենիս Ճենքինզ, Փոլի Ռետ եւ Ճէյլըն Տիւրըն, որոնք Տիթրոյիթի հետ շատ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգած էին` բնական եղանակին գրաւելով Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը:

Օրուան երկրորդ մրցումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ 3-2 արդիւնքով կը յառաջանայ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի վրայ, 6-րդ ճակատումին պիտի փորձէ յաղթելով մէկ մրցում նուազ խաղալ եւ հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական: Մինեսոթան դիւրին մրցակից չէ, բայց Սան Անթոնիօ իր կարգին շատ լաւ պաշտպանողական խումբ է եւ շնորհիւ Վիքթոր Ուեմպանեամայի, Քելտոն Ճոնսընի, Տը՛Արոն Ֆոքսի, Սթեֆըն Քեսըլի, Տիլըն Հարփըրի եւ Տեւըն Վեսըլի բաւական պայքարող խումբ է:

Մինեսոթա իր կարգին պայքարող խումբ է, բայց Անթոնի Էտուըրտծ շատ անգամ խումբը առանձին առջեւ կը տանի եւ եթէ ձախողի, Մինեսոթա դժուար թէ յաղթէ:

Նշենք, որ Արեւմտեան շրջանի աւարտական արդէն իսկ հասած է անցեալ տարուան ախոյեան եւ թիւ 1 դասուած Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, մինչ Արեւելեան շրջանէն Նիւ Եորք Նիքս (թիւ 3) աւարտականին հասած է եւ կը սպասէ Տիթրոյիթ – Քլիվլենտ (2-3) զոյգին վերջնական յաղթականը:

 

Leave a Comment