Էտկար Նաւասարդեան Տուպլէ Իրագործեց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շուէտի Բ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Սուփերեթթան) 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայ յառաջապահ Էտկար Նաւասարդեան դարձաւ Օսթերսունտի հերոսներէն` Պրակէի դէմ մրցումին:

Արդարեւ, Օսթերսունտ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք շնորհիւ նորվեկիացի յառաջապահ Ապել Սթրենսրուտի տուպլէին, կիսախաղէն քիչ մը առաջ կոլ ստացաւ: 75-րդ վայրկեանին Նաւասարդեան փոխարինեց կոլ-սքորըր Սթենսրոտը: 4 վայրկեան ետք արդիւնքը 2-2 եղաւ: Սակայն Նաւասարդեան 84-րդ եւ 95-րդ վայրկեաններուն շատ կարեւոր կոլեր նշանակեց:

Նաւասարդեանի համար այս կոլերը դարձան առաջինները Սուփերեթթանի այս տարեշրջանին: Այս կոլերը վստահաբար աւելի առիթ կրնան տալ Էտկարին, որ աւելի երկար վայրկեաններ ունենայ դաշտին վրայ, կամ ինչու չէ հիմնական կազմին հետ ալ յոյսերը բարձրանան:

 

Leave a Comment