Հայաստանի հաւաքականի պաշտպան Նայիր Թիկնիզեան «Կարմիր Աստղ Պելկրատ» ակումբին հետ դարձաւ Սերպիոյ բաժակակիր: Աւարտական մրցումին Պելկրատի ակումբը վճռական փենալթիներով յաղթեց Վոյվոտինային եւ շահեցաւ տարեշրջանի երկրորդ տիտղոսը:
Հանդիպման հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: Ասիկա ախոյեան «Կարմիր աստղ»-ին համար շատ դժուար մրցում մըն էր, որուն կիսախաղին ան ետ կը մնար 2-0 արդիւնքով:
Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Նայիր Թիկնիզեան, որ շատ գեղեցիկ էսիսթ մը կատարեց Մարքօ Առնաութովիչին, որ կրճատեց հաշիւի տարբերութիւնը:
«Կարմիր աստղ»-ի յաղթական կոլը նշանակեց Ռոտրիկօ 97-րդ վայրկեանին, եւ մրցումը վճռուեցաւ փենալթիներով: «Կարմիր աստղ» 5-4 արդիւնքով յաղթեց` կատարելով տուպլէ մը: