13 յունիսին Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Ռաֆ 10» մրցաշարքին իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ 4 անգամ աշխարհի պրոնզէ մետալակիր Արսէն Յարութիւնեան:
26 տարեկան հայ ըմբիշը պիտի մրցի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր ճափոնցի Ռէյ Հիկուչիի դէմ:
Նոյն մրցաշարքին պիտի մասնակցի նաեւ խառն մենամարտերու «Եու. Էֆ. Սի.»-ի կազմակերպութեան թեթեւ կշիռի երկրորդ դիրքը գրաւող Արման Ծառուկեան: Ինչպէս արդէն յայտնի է, Արման Ծառուկեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ներկայացուցիչ Թոնի Ֆերկուսըն, որ Ծառուկեանի դէմ պիտի մենամարտի ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով:
Նշենք, որ Արսէն Յարութիւնեան վերջին անգամ միջազգային ասպարէզին մէջ հանդէս եկած էր անցեալ ապրիլին: Ան մասնակցած էր ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան` նուաճելով պրոնզէ մետալ: