Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը մօտ երկու շաբաթ առաջ որոշած էր շարունակել տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները, հակառակ երկրին ոչ այդքան ալ կայուն վիճակին:
Այսօր աղջկանց ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Ազուրը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Երկու խումբերը 4–րդ հանգրուանին (երթին) մրցած էին իրար դէմ Ազուրի դաշտին վրայ, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս 81-84 արդիւնքով յաղթած էր վերջին մասին:
Համակիրները, որոնք 27 փետրուարէն ի վեր «զրկուած» էին պասքեթպոլէն, պիտի վերադառնան դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջկանց խումբը, որ առաջին դիրքի համար կը պայքարի Ռիատիի հետ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ռիատիի նման 1 պարտութիւն ունի, բայց որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի պարտութիւնը Ռիատիէն էր, կը գրաւէ Բ. դիրքը, մինչ Ռիատի իր միակ պարտութիւնը կրած է Ազուրէն (85-88):
Այսօր Էն. Էս. Էյ. պիտի մրցի Ռիատիի դէմ, իսկ Ինմա Տամուր` Սփորթինկ Պքեննայայի դէմ:
Տղոց ախոյեանութիւնը կը շարունակուի յառաջիկայ ուրբաթ օր, մինչ ՀՄԸՄ-ի տղոց առաջին մրցումը պիտի ըլլայ Ռիատիի դէմ, կիրակի, 24 մայիսին:
Տղոց պարագային տակաւին 3 հանգրուան կայ, եւ ասոնք ՀՄԸՄ-ի տղոց համար շատ կարեւոր հանգրուաններ են, մանաւանդ որ ֆայնըլ 6 մտնելու համար կարեւոր են այս մրցումները, իսկ 3 խումբեր նոյն արդիւնքները ունին (10 յաղթանակ եւ 9 պարտութիւն):
ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը մրցումներ ունի Ռիատիի, Սաժեսի եւ Շապապ Պաթրունի դէմ: Տղոց խումբը երկրին անկայուն կացութեան պատճառով բոլոր օտար եւ մաս մը տեղացի մարզիկներուն պարագային փոփոխութիւններ կրեց, որովհետեւ մեծ թիւով մարզիկներ օտար երկիրներ մեկնեցան եւ նոր պայմանագիրներ կնքեցին:
ՀՄԸՄ-ին միացան եգիպտացի «հսկայ» Համատ Ֆաթհի (233 սմ) եւ Մաքենզի Մուր, որոնք Ճորտըն Սթիվընզի հետ պիտի փորձեն անկարելին կարելի դարձնել, խումբը հասցնելու համար աւելի բարձր դիրքերու:

