Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպում Ունեցաւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակին Հետ

Ուրբաթ, 15 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ արք. Պորճիայի հետ:

Ռայի պատրիարքին հետ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերու յառաջիկայ հանդիպման օրակարգը: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց պատրիարքը յառաջիկայ օրերուն Վատիկան այցելութեան եւ Լեւոն ԺԴ. պապին եւ շարք մը բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումներուն մասին:

Պապական նուիրակին հետ դարձեալ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան ընդհանուր անդրադարձ կատարելէ ետք, խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը` իր զանազան երեսներով:

Leave a Comment