Ուաշինկթընի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը` Լիբանանի Հետ Բանակցութիւններուն Մասին` «Կ՛առաջարկենք Ճշդել Որոշ Շրջան Մը, Որուն Մաքրման Ձեւը Միասնաբար Կը Ծրագրենք, Որմէ Ետք Յառաջ Կ՛ընթանանք»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լայթեր Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն վերաբերեալ նոր մանրամասնութիւն մը բացայայտեց` նշելով, որ Թել Աւիւ կ՛առաջարկէ զուգահեռ երկու հոլովոյթներ` Հըզպալլայի կազմաքանդման դիմաց Լիբանանի հետ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնութիւն: Ան այս մասին յայտնեց իսրայէլեան «Ուալա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Լայթեր ըսաւ, որ Իսրայէլ պիտի չընդունի, որ Հըզպալլան իր զինուորական կարողութիւնները վերականգնէ` նշելով. «Պահանջուած ձեւով զինադադար գոյութիւն ունի, սակայն ամէն պարագայի պիտի պաշտպանենք մեր զինուորներն ու քաղաքացիները, եւ կուսակցութեան վերազինումը պիտի չարտօնենք»:

Իսրայէլի դեսպանը պնդեց, թէ իսրայէլեան բանակը իր գործողութիւնները սկսելէն ի վեր հարաւային Լիբանանի մէջ յայտնաբերած է «8000 հրթիռներ, ռումբեր, մարտական միջոցներ եւ փապուղիներ»` գետնի վրայ տեղի ունեցողը լիբանանեան կառավարութեան հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն հակասող նկատելով:

Լայթեր նշեց, որ Իսրայէլ բանակցութիւններու ընթացքին առաջարկած է նոր նախաձեռնութիւն մը, որ հիմնուած է մարտական աստիճանական քայլերու վրայ: «Որոշ շրջան մը կը ճշդենք, եւ լիբանանեան կողմին հետ աշխատանք կը տանինք զայն մաքրելու, ապա կ՛անցնինք յաջորդ փուլին»:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ նաեւ պատաստ է մուտք գործելու քաղաքական լայն հոլովոյթի մէջ, որ ամբողջական խաղաղութեան բանակցութիւններ, սահմաններու, դեսպանատուներու, մուտքի արտօնագիրներու եւ զբօսաշրջութեան թղթածրարներ կը ներառէ` աւելցնելով, որ այդպիսի համաձայնութեան մը գոյացումը քանի մը ամիսէն տեղի պիտի չունենայ, սակայն, ան այդ մէկը կապեց Հըզպալլայի կազմաքանդման յաջողութեան:

Միւս կողմէ, Լայթեր լիբանանեան թղթածրարը կապեց Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն` բացայայտելով Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսի, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի եւ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպիի միջեւ տեղի ունեցած զրոյց մը:

Ըստ անոր, ժողովի ընթացքին շեշտուած է, որ Իրանի հետ «հեռահար հրթիռներու եւ հիւլէական սպառնալիքին» վերջ տալու որեւէ համաձայնութիւն պէտք է Թեհրանի կողմէ շրջանին մէջ իր դաշնակիցներուն աջակցութեան դադրեցումը ընդգրկէ:

Ըստ Իսրայէլի դեսպանին, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը Թրամփին ըսած է, որ Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն, որ Հըզպալլայի աջակցութեան դադրեցում չի պարունակեր, պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանը ապագայ ունենայ, իսկ Թրամփ պատասխանած է. «Ուրեմն գործնականին մէջ դուք նոյն կողմն էք, որովհետեւ երկուքդ ալ Հըզպալլան ոչնչացնել կ՛ուզէք»:

 

Leave a Comment