Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատումը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու Ազրպէյճանի ձգտումը կը հաստատէ:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին «Համաշխարհային հարաւ» հասարակական կազմակերպութիւններու հարթակի ընդհանուր ժողովի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի վարիչ Հիքմեթ ՀաՃիեւ:
«Տարիներ տեւած պատերազմէն ետք դրացի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու Ազրպէյճանի ձգտումը կը հաստատէ», ըսած է Հաճիեւ: