Պըրրի. «Եթէ Իսկական Զինադադար Չհաստատուի, Ամէն Ինչ Փուլ Կու Գայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Տիար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Այսօր Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին բանակցութիւնները կը սկսին, եւ եթէ իսկական զինադադար չհաստատուի, կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ փուլ եկաւ»:

Պատասխանելով բանակցութիւններու նշաձողի մասին հարցումին, եւ թէ ի՞նչ կրնայ ընդունիլ Լիբանան, Պըրրի յայտնեց. «Իսրայէլեան բռնագրաւումի բանակի հեռացումէն, վերաշինութենէն, լիբանանեան բանակի տեղակայումէն եւ բնակիչներու վերադարձէն նուազը չենք ընդունիր»:

Ան շեշտեց, որ Իսրայէլի Լիբանանի եւ հարաւի բնակիչներուն դէմ գործած յարձակումները եւ բոլոր քանդումներն ու ոճիրները կը փաստագրուին` աւելցնելով, որ Լիբանան Իսրայէլի դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ:

Պատասխանելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութեան մասին հարցումին` խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ իր ունեցած տուեալներուն համաձայն, նախագահ Աուն այդ կարելիութիւնը կը բացառէ:

Անդրադառնալով լուծումի իր պատկերացումին` Պըրրի ըսաւ, որ Լիբանան իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս կրնայ գալ միայն շրջանային եւ միջազգային ծածկոյթով, որ կայունութեան ամրագրման կը նպաստէ` աւելցնելով, որ երկիրը «կարիքը ունի շրջանային ծածկոյթի, մասնաւորաբար Լիբանանի շուրջ ամերիկեան ծածկոյթով սէուտական-իրանեան փոխըմբռնումի կամ համաձայնութեան»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պահանջուած այդ շրջանային ծածկոյթը կրնա՞յ կառավարական բարեփոխում կամ փոփոխութիւն պահանջել, Պըրրի յայտնեց, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ իր հանդիպումի ընթացքին այդ հարցը քննարկած է, եւ վարչապետը ըսած է, որ «այդ նիւթը դարակը դրուեցաւ, եւ ժամանակը կառավարական բարեփոխում կատարելու համար յարմար չէ», եւ ինք համաձայն գտնուած է այդ գնահատումին:

 

Leave a Comment