ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը իր 2025-2026 տարեշրջանի աշխատանքը կը շարունակէ այս շաբաթավերջին:
Խմբային խաղերու անցեալ շաբթուան արդիւնքներէն ետք յայտնուեցան աւարտականի հասնող խումբերը, ինչպէս նաեւ ճշդուեցան 3-րդ դիրքի մրցումները:
Աթլեթիզմի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ վաղը առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մինչ հեծելարշաւի մրցումները տեղի պիտի ունենան կիրակի օր Մարինա Տըպպայէի մէջ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ:
Ստորեւ` պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի կիսաւարտականի մրցումներու արդիւնքները եւ յայտագիրները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Փոքր աղջիկներ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան – Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան 20-0
Մեծ աղջիկներ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ 61-34
Մեծ աղջիկներ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան 20-0
Մեծ տղաք Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան 59-58
Մեծ տղաք Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան 46-36
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՄԱՅԻՍ 2026 |
ԺԱՄ |
Փոքր աղջիներ-3-րդ եւ 4-րդ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան |
2:00-3:00 |
Մեծ աղջիկներ-3-րդ եւ 4-րդ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան |
3:00-4:00 |
Փոքր տղաք-3-րդ եւ 4-րդ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան |
4:00-5:15 |
Մեծ տղաք-3-րդ եւ 4-րդ Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան |
5:15-6:30
|
Դաշտ 1 ժամ 11:00
Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան (աղջիկներ-աւարտական)
Դաշտ 2 ժամ 11:00
ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ – Ազգային Միացեալ վարժարան (աղջիկներ – 3-րդ եւ 4-րդ)
Դաշտ 1 ժամը 12:00
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան (փոքր տղաք – աւարտական)
Դաշտ 2 ժամ 12:00
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան – ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ (փոքր տղաք-3-րդ եւ 4-րդ)
Դաշտ 1 ժամը 1:00
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան – Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան (մեծ տղաք-աւարտական)
Դաշտ 2 ժամ 1:00
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան – Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան (մեծ տղաք-3-րդ եւ 4-րդ)
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը 2025-2026 տարեշրջանի Աթլեթիզմի մրցաշարքը կը կազմակերպէ հետեւեալ մանրամասնութեամբ.
Թուական 16 մայիս 2026
Վայր Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտ
Ժամ 9:00-էն մինչեւ 16:00
Մասնակցող աշակերտները պարտին ներկայ ըլլալ առաւելագոյնը ժամը 8:30-ին` ստուգման համար:
Մասնակցողի թիւ Իւրաքանչիւր աշակերտ առաւելագոյնը կրնայ մասնակցիլ 2 տարբեր մարզաձեւի:
Տարիքային բաժանմունք 12 տարեկանէն վար (2014-2015 ծնունդ)
14 տարեկանէն վար (2012-2013 ծնունդ)
16 տարեկանէն վար (2010-2011 ծնունդ)
18 տարեկանէն վար (2008-2009 ծնունդ)
Տարազ Աշակերտները պայման է ներկայանան մարզական պատշաճ տարազով եւ իրենց հետ ունենան ջուր:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը 2025-2026 տարեշրջանին հեծելարշաւի մրցաշարքը կը կազմակերպէ հետեւեալ մանրամասնութեամբ.
Թուական Կիրակի, մայիս 17 2026
Վայր Մարինա Տըպպայէ (Ճշգրիտ հասցէ պիտի փոխանցուի «Whatsapp»-ի վրայ)
Ժամ 8:00-էն մինչեւ 11:00
Մասնակցող աշակերտները պարտին ներկայ ըլլալ առաւելագոյնը ժամը 7:30-ին` ստուգման համար:
Տարիքային բաժանմունք
14 տարեկանէն վար (2012-2013 ծնունդ)
16 տարեկանէն վար (2010-2011 ծնունդ)
18 տարեկանէն վար (2008-2009 ծնունդ)
Հեծիկ Հեծանիւները պիտի տրամադրէ «Փրօ Պայք Սագօ» հաստատութիւնը: Աշակերտ մը չի կրնար իրեն հետ ունենալ իր անձնական հեծիկը: Հեծանիւները պիտի ըլլան «Մաունթէյն Պայք» տեսակ:
Տարազ Աշակերտները պայման է ներկայանան մարզական պատշաճ տարազով:

