«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի «Սփիտ Թեսթ». Կարօ Յարութիւնեան` Ախոյեան

«Ֆաքրա – Քֆարտեպիան» ակումբին մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի վարչութիւնը հաստատեց, որ թեւ-թիկունք կը կանգնի լիբանանեան բոլոր շարժումներուն, որոնք կը քաջալերեն տնտեսութիւնը` փաստելով, որ Քեսրուանի գաւառը կը մնայ իբրեւ կեդրոն` Լեռնալիբանանի շրջաններուն (մարզական գետնի վրայ):

Տեղի ունեցաւ 2026-ի տարեշրջանի առաջին «Սփիտ թեսթ»-ը` արագութեան մրցումը (ժամացոյցի դէմ), ուր առաջին դիրքը գրաւեց Կարօ Յարութիւնեան իր «Միթսուպիշի Միրաժ»-ով` գերազանցելով Ալեքս Ֆեղալին («Միթսուպիշի Լանսեր Էվօ 8»):

Յարութիւնեան արհեստավարժներու մրցումը շահեցաւ չնչին առաւելութեամբ` իր ետին ձգելով Ֆեղալին, մինչ Փոլ Քոսէյֆի, Մանսուր Զաքքա, Կզավիէ Մասաատ, Ժան Պիրի եւ Պասել Պու Համտան գրաւեցին 3-րդէն 7-րդ դիրքերը:

97 ինքնաշարժներ մասնակցեցան այս մրցումին, ուր ամէն ինքնաշարժ 3 առիթ ունէր լաւագոյն ժամանակը արձանագրելու:

Մրցումի աւարտին մրցանակները ստացան առաջին երեք վարորդները` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախագահ Նեպիլ «Պիլի» Քարամի, Քֆարտեպիանի փոխքաղաքապետ Մարուն Զղէյպի եւ քաղաքապետարանի անդամներուն:

Leave a Comment