Կիպրոսի մարոնիներէն երեսփոխան Եանաքիս Մուսայի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը այցելեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին:
Խրիսթոտուլիտես իր հիւրերը ողջունելով շեշտեց, որ իր երկիրը նախանձնախնդիր է Լիբանանի կայունութեան ու գերիշխանութեան, եւ տեւաբար աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:
Կիպրոսի նախագահը վերահաստատեց, որ Կիպրոս պատրաստ է հիւրընկալելու Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները, «որոնք կրնան տեւական խաղաղութիւն ապահովել Լիբանանի համար, որ իր հողերուն վրայ պատերազմներուն պատճառով շատ տառապեցաւ»:
Ան ըսաւ, որ աշխատանք կը տարուի Կիպրոս այցելել ուզող լիբանանցիներուն զբօսաշրջական մուտքի արտօնագիրները դիւրացնելու համար:
Կիպրոսի նախագահը բարձր գնահատեց Կիպրոսի մէջ մարոնիներուն ներկայութիւնն ու կիպրական ընկերութեան մէջ մարոնի համայնքի ազդու դերակատարութիւնը:
«Միշտ ժրաջան աշխատանք պիտի տանիմ Կիպրոսի մէջ մարոնիական գիւղերուն օգնելու համար», նշեց Խրիսթոտուլիտես: