«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան ԵԽԽՎ Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութեան Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները 12 մայիսին հանդիպում ունեցան Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի` ԵԽԽՎ-ի դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան հետ:

Խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան լուսարձակի տակ առաւ պատուիրակութեան` խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին Հայաստան կատարած այցելութեան կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին մասնակցեցան խմբակցութեան պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանը, Լիլիթ Գալստեանը, Արմէն Գէորգեանը, Արթուր Խաչատրեանը եւ Արմէն Ռուստամեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` պատուիրակութեան ղեկավար Տամիեն Քոթիեն նշեց, որ Հայաստան կը գտնուին տարբեր քաղաքական ուժերու եւ շահագրգիռ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալու, իրավիճակին ծանօթանալու եւ դիտորդական առաքելութեան աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները ԵԽԽՎ-ի դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուցին նախընտրական քաղաքական մթնոլորտի իրենց արժեւորումները, անդրադարձան վերջին շրջանին կատարուած Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ երկրին մէջ սարսափի մթնոլորտի ձեւաւորման եւ նողկալի շանթաժին, ընդդիմադիրներուն նկատմամբ քրէական եւ վարչական հետապնդումներուն: Անոնք խօսեցան նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ յարձակումներու եւ այլ մարտահրաւէրներու մասին, որոնք յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու պարունակին մէջ մտահոգիչ են:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները պատասխանեցին նաեւ ԵԽԽՎ-ի դիտորդական առաքելութեան պատուիրակութեան անդամներուն հարցումներուն:

 

Leave a Comment