Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Միացեալ Նահանգներու ղեկավար Տանըլտ Թրամփին Ռուսիա այցելելու հրաւէրը ուժի մէջ է: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքով «անշուշտ» ըսած է` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թրամփին Ռուսիա այցելելու հրաւէրը ուժի մէ՞ջ է:
Փութին Թրամփը Ռուսիա հրաւիրած էր անցեալ տարի Էնքըրէյճի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի ժամանակ:
Փեսքով նախապէս «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ռուսիա այցելութիւնը այս պահուս օրակարգի վրայ չէ:
Թրամփ նախապէս չէր բացառած, որ կրնայ այս տարի Ռուսիա այցելել` Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն ծիրին մէջ: