Մաքրոն. «Ֆրանսան Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Նաւարկման Անվտանգութեան Երաշխաւորման Համար ՄԱԿ-ի Մէջ Նախաձեռնութեան Մը Պիտի Ձեռնարկէ»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ իր երկիրը Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկման անվտանգութեան երաշխաւորման համար «անկողմնակալ եւ խաղաղ» առաքելութեան նախապատրաստութեան «շրջագիծի» մշակման համար ՄԱԿ-ի մէջ նախաձեռնութեան պիտի ձեռնարկէ:

Մաքրոն այս մասին Նայրոպիի մէջ ֆրանսական-ափրիկեան վեհաժողովի աւարտին ֆրանսական «Թէ.Վէ.5» եւ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայաններուն ու «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հորմուզի նեղուցը պէտք է առանց նախապայմանի եւ առանց անցման որեւէ տուրքի վերաբացուի` վերցնելով շրջափակման բոլոր ձեւերը»:

Ան կոչ ուղղեց Թեհրանի հետ երկխօսութեան մէջ խիստ ըլլալու:

Մաքրոն քննադատեց ամերիկեան եւ իրանեան կողմերէն հնչող մագլցողական հռետորաբանութիւնը` կոչ ուղղելով հաստատելու զինադադար մը, որ ամբողջական կերպով կը յարգուի:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարը չյարգելը «անընդունելի է»:

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծեց. «Հորմուզի նեղուցի վերաբացումը բացարձակ առաջնահերթութիւն է»` աւելցնելով, որ այդ մէկը պէտք է իրականանայ «բանակցութեան ճամբով այլ խնդիրներու կարգաւորումէն առաջ»:

Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, որոնք պատերազմին մէջ չներքաշուած պետութիւններու ծովային դաշինք մը կը ղեկավարեն, կ՛առաջարկեն բազմազգեան առաքելութեան մը ձեռնարկել` Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու իրենց շրջափակումները վերցնել համաձայնելէն ետք, երաշխաւորելու համար Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութիւնը:

Կ՛ակնկալուի, որ ՄԱԿ-ի մէջ նախաձեռնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուի իբրեւ որոշումի նախագիծ, որ կը ճշդէ հաւանական որոշումին ծիրը:

Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռիչըրտ Մարլզ յայտարարեց. «Աւստրալիան պատրաստ է աջակցելու Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարութեամբ բազմազգեան ու բացառապէս պաշտպանողական զինուորական առաքելութեան մը, անմիջապէս որ ստեղծուի»:

Ան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ այս առաքելութեան նպատակն է շարունակել դիւանագիտական հաղորդակցութիւնն ու մագլցումը նուազեցնելու ջանքերը` «միջազգային առեւտուրի անվտանգութեան վերաբերեալ շօշափելի յանձնառութիւն ցուցաբերելով:

Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Աւստրալիան նշեալ ուժին պիտի մասնակցի «Ուեճթէյլ Ի-7Էյ» տիպի հսկողութեան օդանաւով, որ շրջան ուղարկուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներէն պաշտպանելու համար:

Leave a Comment