Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ Իրանի դէմ պատերազմին վերաբերեալ երկար խօսակցութիւն պիտի ունենայ:
«Իրանի հետ միայն լաւ գործարք պիտի կնքենք», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Իրանը ձախողած պետութիւն է»:
Թրամփ Չինաստան ուղղուելու ընթացքին նախագահական օդանաւին մէջ յայտնեց, որ երբ սուտ լուրերը կը պնդեն, թէ Իրանը զինուորական յառաջխաղացք արձանագրած է, այդ մէկը դաւաճանութիւն է, եւ իրանցիներուն կեղծ յոյս կու տայ:
Ան նշեց, որ Իրան իր ծովուժին մէջ 159 նաւեր ունէր, եւ այժմ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծովու յատակը կը գտնուի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց. «Խորհրդակցութիւններ կը կատարենք Հորմուզի նեղուցին վերաբերող դասաւորումներուն առնչութեամբ ցուցակները միջազգային օրէնքին համաձայն մշակելու համար»:
Արաղչի նաեւ նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին ներկայ կացութեան գլխաւոր պատճառը Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան զինուորական յարձակումն է:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Ռեզա Թալայինիք յայտնեց. «Եթէ հակառակորդը դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ չընդունի Իրանի ժողովուրդին օրինական եւ յստակ պահանջները, ան պէտք է մարտի դաշտին մէջ իր պարտութիւններուն կրկնութեան սպասէ: Հակառակորդին կողմէ որեւէ նոր սպառնալիք կամ յարձակում հաստատօրէն պիտի արժանանայ անյապաղ, վճռական եւ վերջնական պատասխանի, որ հակառակորդին պիտի ստիպէ զղջալ իր գործողութիւններուն համար»:
Ան նշեց, որ Իրանի ժողովուրդը նաեւ ապագային պիտի մնայ պարտադրուած այս պատերազմին յաղթողը: Թալայինիք նաեւ մատնանշեց, որ հակամարտութեան գօտիէն ամերիկեան նաւերու փախուստի բազմաթիւ դէպքերը կը վկայեն իրանեան բանակի եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մարտունակութեան եւ կարծր պատասխան տալու պատրաստակամութեան մասին, որուն համար հակառակորդը պիտի զղջայ:
Լաւատեղեակ չորս անձեր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Սէուտական Արաբիան պատերազմի ընթացքին Իրանի դէմ չյայտարարուած օդային յարձակումներ կատարած է:
Լաւրով. «Ուաշինկթըն Կը Պահանջէ Բանալ Հորմուզի Նեղուցը, Սակայն Անիկա Կը Գործէր Մինչեւ Անոր Միջամտութիւնը»
Միացեալ Նահանգներ այժմ կը պահանջեն բանալ Հորմուզի նեղուցը, սակայն անիկա բոլորին համար բաց եղած է մինչեւ անոնց միջամտութիւնը, եւ ամբողջ աշխարհը ատկէ կ՛օգտուէր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռաշա Թուտէյ Ինտիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Իրանի վրայ յարձակումը սկսաւ, որովհետեւ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, Իրանը 47 տարի շարունակ ահաբեկած է բոլորը եւ ամէն ինչ: Սակայն մինչեւ այս տարուան 28 փետրուարը Հորմուզի նեղուցը բոլորի համար բաց էր, եւ ամբողջ աշխարհը կ՛օգտուէր այդ զարկերակէն:
«Անիկա կ՛ապահովէր համաշխարհային շուկաներ մուտք գործող ուժանիւթի բոլոր պաշարներուն մէկ հինգերորդ մասը: Այժմ ամերիկացիները կը պահանջեն բանալ Հորմուզի նեղուցը: Անիկա փակ չէր: Միշտ կարեւոր է տեսնել պատճառները», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: