Աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բաղդատմամբ անցնող շաբաթներուն այլեւս աւելի լուրջ կերպով կը մտածէ Իրանի դէմ պատերազմը վերսկսելու մասին` Հորմուզի նեղուցի փակման շարունակման նկատմամբ իր համբերութիւնը սպառելուն լոյսին տակ:
Աղբիւրներուն համաձայն, ամերիկեան առաջարկին իրանեան վերջին պատասխանը ամերիկացի պաշտօնատարները մղած է հարցականի տակ առնելու Թեհրանի բանակցային լուրջ դիրքորոշում որդեգրելու պատրաստակամութիւնը, այն պահուն, երբ ամերիկեան վարչակազմէն կարգ մը պաշտօնատարներ կոչ կ՛ուղղեն Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու համար աւելի խիստ վարմունք որդեգրելու, ինչպէս նաեւ անոր դիրքորոշումը տկարացնելու համար յարձակումներ շղթայազերծելու:
Աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Թրամփի մերձաւորները կ՛ուզեն, որ փաքիստանցի միջնորդները իրանցիներուն հետ իրենց հաղորդակցութիւններուն մէջ աւելի անկեղծ ըլլան, իսկ ամերիկացի պաշտօնատարներուն կարծիքով` Փաքիստանը Ուաշինկթընին Իրանի դիրքորոշումին վերաբերեալ աւելի դրական պատկեր մը կը փոխանցէ, քան այն, ինչ իրողապէս է:
Աղբիւրները «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, որ Թրամփի Չինաստան մեկնելէն առաջ Իրանի վերաբերեալ վճռական որոշումի մը որդեգրումը անհաւանական է:
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց. «Անհրաժեշտութեան պարագային Իրանի դէմ մագլցումի դիմելու ծրագիր մը ունինք, ինչպէս նաեւ` նահանջելու ծրագիր մը»:
«Իրանի դէմ յաջորդ քայլը պիտի չբացայայտենք` նկատի ունենալով անոր հիւլէական ռումբ ձեռք չձգելը երաշխաւորելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած առաքելութեան կարեւորութիւնը», նշեց Հեկսեթ:
Թրամփ երէկ աւելի ուշ յայտնեց. «Իրանին պիտի արգիլուի հիւլէական զէնք արտադրել, եւ ճնշումներու մագլցումին լոյսին տակ ատիկա պարզապէս ժամանակի հարց է»:
«Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակումէն բխող ճնշումի բեռին տակ իրանեան տնտեսութեան քայքայումը կը նախատեսենք: Այս հակամարտութիւնը պիտի վճռուի առանց շտապելու կարիք ունենալու. Իրան մեկուսացման կ՛ենթարկուի, ինչ որ զայն եկամուտի աղբիւրներէ կը զրկէ», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ամերիկեան հարուածները սուր կերպով տկարացուցին Իրանի զինուորական ղեկավարութիւններն ու անոնց կարողութիւնները», նշեց ան:
«Միացեալ Նահանգներ իրանցի պաշտօնատարներուն հետ ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ են, եւ համաձայնութիւն գոյացնելու համար չենք աճապարեր», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Իրան պիտի հրաժարի իւրանիոմի հարստացումէն եւ որեւէ գործընթացէ, որ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու կ՛առաջնորդէ: Իրանեան հիւլէական փոշին 100 առ հարիւրով պիտի ստանանք», նշեց Թրամփ:
Մինչ այդ, Փենթակոն յայտարարեց. «Իրանի պատերազմի ծախսը մինչեւ հիմա 29 միլիառ տոլարի հասաւ»:
Աղբիւրներ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ տակաւին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Հորմուզի ապագայ կառավարման վերաբերեալ դիրքորոշման մէջ մեծ բաց գոյութիւն ունին, ինչպէս նաեւ տարակարծութիւններ կան Իրանի` իր հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ ընդունելիք սահմանափակումներուն շուրջ:
Աղբիւրները օրաթերթին ըսին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատերազմի ընթացքին մարտավարական ձեռքբերումներ արձանագրեց, սակայն մինչեւ հիմա որեւէ ռազմավարական նպատակ չիրագործեց:
Ֆիտան. «Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Բանակցութիւններուն Մէջ Առանցքային Փուլի Հասանք»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրանցիները խրատեցինք պատերազմը դադրեցնելու, Հորմուզի նեղուցը բանալու եւ աշխատանք տանելու շրջանին մէջ կայունութիւնը ամրապնդելու»:
«Իրանցիներու ամերիկացիներուն տրուած պատասխանը ապահովական պատճառներով անհրաժեշտ արագութեամբ չի փոխանցուիր», ըսաւ ան:
«Ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն մէջ առանցքային փուլի հասանք», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Մենք Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի հետ կապի մէջ ենք, եւ սկիզբէն ի վեր բանակցութիւններուն աջակցելու համար մեր կարելին կ՛ընենք»:
«Հորմուզի նեղուցի բացման համար ուժի կիրարկման առիթ չենք տեսներ, եւ ատոր իրագործման իբրեւ ուղի դիւանագիտութեան կը հաւատանք», ըսաւ Ֆիտան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան մեծ խախտումներ գոյութիւն ունին»: