Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպըրթ Ֆիքօ յայտարարած է, թէ Երեւանի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանին ուղղուած Ազրպէյճանի նախագահի քննադատութիւնը «գերիշխան արտաքին քաղաքականութեան օրինակ է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ի դէպ, Երեւանի մէջ ականատես եղայ գերիշխան արտաքին քաղաքականութեան օրինակի, այս անգամ` Ազրպէյճանի կողմէ, որուն նախագահը սուր կերպով քննադատեց Եւրոպական խորհրդարանը` իր երկրին դէմ որդեգրուած շարք մը յայտարարութիւններու եւ բանաձեւերու վերաբերեալ», ըսած է Ֆիքօ` Մոսկուայէն Սլովաքիա վերադառնալու ընթացքին պետական օդանաւին մէջ նկարահանուած տեսանիւթին մէջ:
Անոր համաձայն, Ալիեւ «ճշմարտութիւնը» ըսած է: «Նախագահ Ալիեւ ճշմարտութիւնը ըսած է, երբ նշած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է նախ եւ առաջ եւրոպական խնդիրներով զբաղի… սուտեր տարածելու եւ ուրիշներու գործերուն խառնուելու փոխարէն», ըսած է Սլովաքիոյ վարչապետը:
Ֆիքօ ընդգծած է, որ ինք Սլովաքիոյ անունով նոյն ուղերձը կը յղէ Եւրոպական խորհրդարանին` հաշուի առնելով վերջերս որդեգրուած «գլուխ-գործոցը», որով Եւրոպական յանձնաժողովին կ՛առաջարկուի Պրաթիսլաւային Եւրոպական Միութեան ֆոնտային յատկացումներ չտրամադրել:
Ֆիքոյին «Էքս»-ի գրառումով արձագանգած է Իլհամ Ալիեւ` երախտագիտութիւն յայտնելով սլովաք գործընկերոջ Ազրպէյճանի մասին «ճշմարիտ եւ արժէքաւոր» խօսքերուն համար:
«Բարձր կը գնահատեմ մեր գործընկերութիւնը», նշած է Ալիեւ:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովէն օրեր առաջ Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած էր Հայաստանի վերաբերեալ բանաձեւ մը, որով կը դատապարտէր «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու, կալանաւորուածներու եւ պատանդնեու անարդարացի կալանաւորումը», կը պահանջէր անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը: Անդրադարձներ կային նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու վերադարձի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման: