Թուրք լրագրողներ, Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին եւ «Երեւանեան երկխօսութեան» մասնակցելէ ետք, այցելեցին Գիւմրի: Անոնք այցելեցին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի տարածք, ուսումնասիրեցին երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարները եւ տեղւոյն վրայ խօսեցան անցակէտի բացման կարեւորութեան մասին: Այս մասին կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին անոնք հանդիպում ունեցան Գիւմրիի «Ասպարէզ» լրագրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Բարսեղեանին հետ եւ քննարկեցին սահմանի բացման կարեւորութիւնը: Բարսեղեան նշեց, որ Ախուրիկի կայարանը Պաղ պատերազմի շրջանին երկաթուղային ցանցի մաս կազմած է, եւ այդ կայարանը Հայաստանէն Թուրքիա տանող վերջին կէտն է եւ հոնկէ Եւրոպա տանող ճամբու վերջին կայարանն է: Ըստ Բարսեղեանի, անիկա կրնայ դառնալ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ Միջին միջանցքի մէկ մասը:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս երթուղին գործած է խորհրդային տարիներուն եւ անկէ ետք բաց մնացած է մէկ տարի` 1992-1993-ին: Ըստ Բարսեղեանի, սահմանի վերաբացումը կրնայ մեծապէս ազդել երկու երկիրներու առեւտուրի եւ յարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Ան աւելցուց, որ ասիկա օգուտ պիտի բերէ ոչ միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, այլ նաեւ դրացի երկիրներուն: