Վոլոտին. «Ուքրանիոյ Մէջ Ամէն Ինչ Ճիշդ Այսպէս Սկսաւ. Արդեօք Ատիկա Հայաստանի Քաղաքացիներուն Պէ՞տք Է»

Ուքրանիոյ մէջ ամէն ինչ ճիշդ այսպէս սկսաւ. արդեօք ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան շարքային քաղաքացիներուն պէ՞տք է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին գրած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:

Ան յիշեցուցած է, որ Յաղթանակի տօնի նախաշեմին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է վեհաժողով, որուն ընթացքին հաւաքուած են Նիկոլ Փաշինեանի հիւրեր, եւ ատոր յաջորդած են հիւրերու, ներառեալ Վոլոտիմիր Զելենսքիի խօսքերն ու յայտարարութիւնները:

«Այսօր բոլորին համար ակնյայտ դարձած է հարցը` Փաշինեանի նման արարքներէն ետք յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս պիտի զարգանան: Մեր պետութիւնները աւելի մօ՞տ պիտի ըլլան, թէ՞ հեռու: Յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը աւելի քի՞չ պիտի ըլլայ, թէ՞ շատ: Ամենայն հաւանականութեամբ` երկրորդը: Ակամայ զուգահեռ կը յառաջանայ. Ուքրանիոյ մէջ ճիշդ այսպէս սկսաւ: Արդեօք ատիկա պէ՞տք է Հայաստանի շարքային քաղաքացիներուն», գրած է Վոլոտին:

Ան նշած է, որ Ռուսիա հայ ժողովուրդին հետ ունի ամէնէն մտերիմ եւ լաւ յարաբերութիւններէն մէկը, Ռուսիոյ տարածքին մէջ բնակող հայերու թիւը գրեթէ հաւասար է Հայաստանի մէջ բնակողներու թիւին, եւ Ռուսիոյ մէջ հայերը իրենք զիրենք կը դրսեւորեն միւս ազգութիւններուն հաւասար, կը վարեն պաշտօններ, կ՛ընտրուին երեսփոխաններ` օգնելով Հայաստանի մէջ իրենց հարազատներուն ու մերձաւորներուն:

«Կը կանխատեսեմ, որ պիտի սկսին այսպիսի յայտարարութիւններ` «մենք գերիշխան պետութիւն ենք, ինչ կ՛ուզենք, կ՛ընենք»: Ոչ ոք կը խօսի գերիշխանութեան եւ միջամտութեան մասին: Խօսքը բարոյականութեան եւ պարկեշտութեան մասին է: Անոնք կա՛մ կան, կա՛մ չկան: Կարելի է բարձր պաշտօններ վարել, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ մարդը օժտուած է այդ որակներով», աւելցուցած է Տումայի նախագահը:

Վոլոտինի համաձայն, Ռուսիոյ յարաբերութիւնները երկիրներուն հետ կը կառուցուին բարեկամութեան, փոխշահաւէտ համագործակցութեան, գերիշխան պետութիւններու գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն վրայ, եւ այնտեղ, ուր անոնք կը ձեւաւորուին համակողմանիօրէն, անոնք կը վերածուին ռազմավարական գործընկերութեան եւ աւելին` դաշնակցային յարաբերութիւններու:

«Եւ ի հարկէ, հաշուի առնելով ձեռք բերուած մակարդակը` կը կառուցուի աշխատանքը, կ՛ընդգծուի, թէ որքա՛ն կարեւոր է մեզի համար զարգացնել յարաբերութիւնները երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ: Մեր կողմէ, հակառակ անոր որ Տուման ներկայացուած է տարբեր քաղաքական խմբակցութիւններով,  եւ իւրաքանչիւր երեսփոխան իր ձեւով կը տեսնէ կացութիւնը, կը ջանանք ամէն ինչ ընել, որպէսզի բարեկամութիւնը ամրապնդուի: Ըստ էութեան, անշեղօրէն ատոր կը հետեւինք», ընդգծած է ան:

Leave a Comment