Հայ ֆութպոլի համակիրներուն գլխաւոր նիւթն է Հենրիխ Մխիթարեանի ապագան այս տարեշրջանին վերջին հանգրուաններուն:
Լրագրող Նիքոլօ Սքիրայի տեղեկութիւններով, Ինթեր պատրաստ է երկարաձգելու 37 տարեկան միջնապահին պայմանագիրը մինչեւ 2027-ի ամառ, բայց ֆութպոլիստը իր կարգին մէկ այլ տարբերակի մասին կը մտածէ:
Լրագրող Ֆապիցիօ Ռոմանօ իր կարգին յայտնած է, որ Մխիթարեան կը մտածէ իր ասպարէզը աւարտելու մասին: Անոր տուեալներով` ասպարէզը աւարտելու տարբերակը շատ աւելի հարուստ կարելիութիւն մըն է: Միեւնոյն ժամանակ Մխիթարեան չի ցանկար դիտարկել այլ ակումբներէ ստացած առաջարկները: Ընտրութիւնը փաստօրէն կը մնայ կա՛մ տարեշրջան մը եւս Ինթերի հետ մնալու կամ ալ ֆութպոլէն հրաժեշտ տալու միջեւ :
Հենրիխ Մխիթարեան վերջնական որոշում պէտք է տայ մօտ օրէն: Ինթերի համար Մխիթարեան կը շարունակէ մնալ կարեւոր ֆութպոլիստ ոչ միայն դաշտի վրայ, այլ նաեւ հանդերձարանին մէջ: Հակառակ իր տարիքին, հայ միջնապահը կը շարունակէ յայտնուիլ հիմնական կազմին հետ եւ լաւ արդիւնք ալ ձեռք ձգել: Ան շաբաթ օր Լացիօ Ռոմայի դէմ ամբողջութեամբ մասնակցեցաւ «Սերի Ա.»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումին եւ կոլ մըն ալ նշանակեց: Ան եղաւ մրցումի հերոսներէն եւ երկրորդ յաջորդական մրցումին կոլ ալ նշանակեց:
Ան 2022-էն ի վեր Ինթեր Միլանի հետ կը խաղայ եւ շահած է «Սերի Ա.»ևի ախոյեանութիւնը, բաժակը եւ գերբաժակը ինչպէս նաեւ հասած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի աւարտականին:
Հայկական ֆութպոլին համար Մխիթարեանի ասպարէզի հաւանական աւարտը պատմական պահ մը կրնայ ըլլալ: Խօսքը Հայաստանի անկախութեան տարիներու ամէնէն յաջող ֆութպոլիստին մասին է:
Առայժմ մթնոլորտը յստակ չէ: Ինթեր Միլան պատրաստ է պահելու Մխիթարեանը տարեշրջան մը եւս, սակայն վերջին խօսքը կը մնայ նոյնինքն ֆութպոլիստին: