«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց Ռէալին Եւ Դարձաւ Ախոյեան

Պարսելոնա 29-րդ տիտղոսը շահեցաւ «Լա լիկա»-ի գծով, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր «ոխերիմ թշնամի» Ռէալ Մատրիտը` «Էլ Քլասիքօ» մրցումին:

Այսպիսի մրցում շատ աւելի հետաքրքրական կրնար ըլլալ երկու խումբերուն բոլոր աստղերուն ներկայութեամբ, սակայն ֆութպոլի դառն իրականութեան մաս կը կազմէ վիրաւոր մարզիկ ունենալը:

Մէկ կողմէ Լամին Եամալ եւ Անտրէաս Քրիսթենսըն (Պարսելոնա), իսկ միւս կողմէ Տանիէլ Քարվախալ, Էտեր Միլիթաօ, Արտա Կիւլեր, Քիլիան Էմպափէ, Ֆերլան Մենտի, Ռոտրիկօ եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ բացակայեցան:

Վերջինս իր խմբակից Օրելիեն Չուամենիի հետ ունեցած դէպքին պահուն վիրաւորուած էր:

Պարսելոնա «լուրջ» ձեւով տօնեց իր 29-րդ ախոյեանութեան տիտղոսը, մանաւանդ որ գերմանացի մարզիչ Հանս-Տիթըր Ֆլիքի հայրը մահացած էր մրցումի ազդանշանէն ժամեր առաջ:

Բաւական արագ սկսաւ մրցումը, եւ Մարքուս Ռալֆորտ 9-րդ վայրկեանին ազատ հարուածով կոլ նշանակեց Թիպօ Քուրթուայի բերդին մէջ: 9 վայրկեաններ եւս, եւ Տանի Օլմօ գեղեցիկ փոխանցում մը կատարեց Ֆեռան Թորեսի, որ աւելցուց կոլ մը եւս: Պարսելոնայի համակիրները քաջալերուեցան այն հեռանկարով, թէ կոլերու փառատօնի մը ներկայ պիտի ըլլան:

38-րդ վայրկեանին Ռաշֆորտ առիթ մը եւս ունէր կոլ նշանակելու, բայց Քուրթուա զսպեց անոր առիթը:

Բ. կիսախաղին Պարսելոնա շարունակեց իր ընթացքը, բայց Ռէալ Մատրիտ սկսաւ աւելի կոշտ խաղարկութիւն կիրարկել` զսպելու համար մրցակից խումբը:

Անգլիացի Ճուտ Պելինկհամ 63-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, բայց օֆ սայտի պատճառով անիկա չվաւերացուեցաւ:

Պէտք է ըսել, որ Բ. կիսախաղին Ռէալ Մատրիտ ընդհանրապէս ստոյգ առիթ չունեցաւ, մանաւանդ Բ. կիսախաղին, եւ 2009-2010 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով առանց որեւէ տիտղոսի փակեց այս տարեշրջանը: Քուրթուա զսպեց նաեւ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացած Ռաֆինիայի եւ Լեվանտովսքիի առիթները:

Պէտք է ըսել, որ Պարսելոնա իր դաշտին վրայ կատարած 18 մրցումներուն ալ կրցաւ յաղթել եւ 14 կէտերու առաւելութեամբ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Ֆլիքի խումբը տակաւին 3 մրցումներ ունի եւ կրնայ մրցանիշ հաստատել, եթէ 15 կէտերու հասցնէ իր առաւելութիւնը:

 

Leave a Comment