Արսենալ բաւական բախտաւոր մրցում մը ունեցաւ կիրակի օր եւ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
22 տարիներ սպասելէ ետք վերջապէս Արսենալ կրնայ ախոյեան դառնալ, եթէ անշուշտ անակնկալներ չպատահին Պըրնլիի եւ Քրիսթըլ Փելեսի դէմ մրցումներուն: Լոնտոնի մէջ իր վերջին մրցումին Միքել Արթեթայի խումբը առաջին կիսախաղին շատ աւելի լաւ խաղցաւ մրցակից Ուեսթ Համէն, բայց չկրցաւ կոլ նշանակել:
Բ. կիսախաղին Ուեսթ Համ աւելի լաւ խաղցաւ եւ 79-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ կրնար նշանակել, բայց Արսենալի բերդապահ Տաւիտ Ռայա զսպեց հարուածը:
83-րդ վայրկեանին Լէանտրօ Թրոսար քառակուսիին մէջ գնդակ ստանալէ ետք, գնդակը պատրաստեց եւ հարուածեց դէպի Ուեսթ Համի բերդ: Գնդակը դանիացի բերդապահ Մաթս Հերմանսենի դպնալէ ետք մտաւ բերդին մէջ:
95-րդ վայրկեանին Քալում Ուիլսըն նշանակեց Ուեսթ Համի հաւասարութեան կոլը, բայց ՎԱՐ-ի միջամտութենէն ետք իրաւարարը ֆաուլ մը նկատեց կոլէն առաջ` զրկելով Ուեսթ Համը ստոյգ կոլէ մը:
Այս ձեւով Արսենալ 5 կէտերու բարձրացուց Մանչեսթըր Սիթիի հետ իր առաւելութիւնը: Սիթի մէկ մրցում նուազ խաղցած է եւ իր վերջին մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Պրենթֆորտին:
Սանտըրլենտ հաւասարութիւն արձանագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, մինչ Լիվըրփուլ իր կարգին 1-1 արդիւնքով հաւասար մնաց Չելսիի հետ: Ասթոն Վիլա իր կարգին 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Պըրնլիի հետ իր ելոյթը: