2026-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Մոնտիալի Աւարտական Մրցումի Տոմսերը Բազմապատկեց…

ՖԻՖԱ-ն անցեալ շաբաթավերջին որոշեց 2026-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումի տոմսերուն սակը երեք անգամով աւելցնել:

Տոմսերը նախապէս կը վաճառուէին 10.990 ամ. տոլարի, առաջին կարգի աթոռներուն համար, բայց այժմ այդ մնացեալ աթոռներուն գիները հասած են 32.970 ամ. տոլարի: Մրցումը (աւարտական) տեղի պիտի ունենայ «Մեթլայֆ սթատիումի» մէջ, Նիւ Ճըրզի:

19 յուլիսի աւարտական մրցումէն անկախ, 14 յուլիսի կիսաւարտականի առաջին մրցումին (Թեքսասի մէջ) գիները որոշուած են 11.130, 4.330, 3.710 եւ 2.705 ամ. տոլար, մինչ յաջորդ օրուան երկրորդ կիսաւարտականի մրցումին (Աթլանթայի մէջ) որոշուած են 10.635, 3.545 եւ 2.725 ամ. տոլար:

Միացեալ Նահանգներու բացման մրցումին` Փարակուէյի դէմ, 12 յունիսին Քալիֆորնիոյ մէջ, տոմսերուն գիները 2.735, 1.940 եւ 1.120 ամ. տոլարի որոշուած են, մինչ ամերիկացիներուն երկրորդ մրցումին (Աւստրալիոյ դէմ), Սիեթըլի մէջ, 2.715 ամ. տոլար որոշուած է: Թուրքիոյ դէմ խմբակի իր վերջին մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, որոշուած է 2.970, 1.345, 990 եւ 840 ամ. տոլար սակագին:

«Պէտք է նայինք շուկայի գիներուն: Կը գտնուինք շուկայի մը մէջ, ուր հաճելի ներկայացումը աշխարհի ամէնէն զարգացածն է, եւ շատ բնական է, որ այդ շուկայի գիներով ներկայացնենք», ըսաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ: «Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնաս վերստին ծախել տոմսեր, եւ եթէ յարմար գինով ձեռք ձգես տոմս մը, կրնաս աւելի սուղի վաճառել զայն, որ կրնայ մեր գինին կրկնապատիկը ըլլալ»: Դպրոցական պասքեթպոլի մրցում մը չես կրնար դիտել 300 ամ. տոլարէն նուազ գինով, նոյնիսկ ոչ արհեստավարժ պասքեթպոլի պարագային», նշեց ան:

Անցեալ ամիս աւարտականի զոյգ մը տոմս ծախու հանուեցաւ աւելի քան 2 միլիոն ամ. տոլարի: «Եթէ անձ մը վերստին ծախու հանէ իր տոմսերը, ըսել չէ, որ այդ է տոմսին գինը, եւ ըսել չէ, որ մէկը պիտի գնէ զանոնք: Եւ եթէ մէկը իրապէս գնէ այդ տոմսերը այդ գիներով, վստահաբար մրցումի պահուն անոր հոթ-տոկ եւ զովացուցիչ կը հրամցնեմ», կատակելով ըսաւ Ինֆանթինօ:

Leave a Comment