«Էն. Պի. Էյ.». Նիւ Եորք Նիքս Հասաւ Արեւելեան Շրջանի Աւարտական. Ուեմպանեամա Վտարուեցաւ Եւ Սփըրզ Պարտուեցաւ

Երէկ հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի երկու շրջաններու կիսաւարտականներուն:

Արեւելեան շրջանի 3-րդ դասուած խումբը` Նիւ Եորք Նիքս իր յաջորդական 4-րդ ճակատումին յաղթելէ ետք Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին (144-114) հասաւ շրջանի աւարտական:

Ճէյլըն Պրանսըն եւ Ճոշ Հարթ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով հասան Արեւելեան շրջանի աւարտական` հաւասարելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի 3 կէտնոց կողովներու մրցանիշին (25):

Արդարեւ, Մայլզ Մըքպրայի, որ փոխարինած էր վիրաւոր Օ. Ճի. Անունոպին, իր երեք կէտնոց կողովներուն գծով 9 փորձերէն 7-ն յաջողութեամբ նշանակեց, մինչ Պրանսըն 10-էն 6-ը նշանակեց: Յաջող կողովներ նշանակեցին նաեւ Ճոշ Հարթ (4) եւ Լենտրի Շամեթ (4) 3 կէտնոց կողովի սահմանէն, մինչ Նիւ Եորք այլ մրցանիշ մը հաստատեց 19,4 կէտերու տարբերութեամբ յաղթելով (միջին հաշուով) իր մրցակիցներուն փլէյ օֆի առաջին երկու հանգրուաններուն: Այս մրցանիշը անշուշտ 1984-էն ետք է, երբ 16 խումբեր սկսան մասնակցիլ փլէյ օֆին:

Նիքս աւարտականին պիտի մրցի Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ (2-1) ճակատումին վերջնական յաղթականին դէմ:

Արեւմտեան շրջանին մէջ Սան Անթոնիօ Սփըրզ կորսնցուց իր թիւ 1 աստղ Վիքթոր Ուեմպանեաման Բ. մասի առաջին վայրկեանին, երբ ան կոշտ ֆաուլով մը վտարուեցաւ դաշտէն: Արդարեւ, «Ուեմպի» արմուկի զօրաւոր հարուածով մը Նաշ Ռիտին հարուածեց, այդ հարուածին պատճառով ալ վերջինս գետին ինկաւ: Թիմպըրվուլվզ Մինիափոլսի մէջ պարտութիւն մը կրած էր, եւ մինչեւ 4-րդ մասը ետ կը մնար, բայց Անթոնի Էտուըրտծ եւ ընկերներ մեծապէս օգտուելով Սփըրզի բարձրահասակ Ուեմպանեամայի բացակայութենէն (224 սմ), կրցան յաղթել 4-րդ ճակատումը` արդիւնքը 2-2 դարձնելով:

Ռուտի Կոպեր իր ազգակից սենթըրի վտարումէն օգտուեցաւ եւ 11 կէտ ու 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որուն թիւ 1 աստղը` Անթոնի Էտուըրտծ, 36 կէտ նշանակեց: Բայց պէտք է ըսել, որ Ուեմպանեամայի Սփըրզ վերադարձով շատ հաւանաբար վերջինս յաղթէ Մինեսոթայի, որուն մարզիկները Սփըրզի նման պատրաստ չեն թուիր այս հանգրուանի մրցումներուն:

Տը՛Արոն Ֆոքս (24 կէտ), Տիլըն Հարփըր (24 կէտ), Սթեֆըն Քեսըլ (20 կէտ) եւ Տեվըն Վեսըլ (14 կէտ) բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան, մինչ «Ուեմպի» 4 կէտ եւ 4 ռիպաունտով աւարտեց մրցումը 12 վայրկեանի ընթացքին:

Leave a Comment