Թրամփ 13-15 Մայիսին Պիտի Այցելէ Չինաստան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ պետական այցելութեամբ պիտի հասնի Չինաստան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 13-էն 15 մայիս Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հրաւէրով պետական այցելութիւն պիտի կատարէ Չինաստան», կը նշուի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Ասիկա 2017 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահի Չինաստան առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ:

 

Leave a Comment