Փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ քննարկեց ակումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վերադառնալու հաւանականութիւնը: Բանակցութիւններու ընթացքին փորթուգալցի մասնագէտը առաջադրած է 5 պայման, ըստ սպանական «Սփորթ» պարբերականին:
Պայմանագրութիւնը պիտի ըլլայ (եթէ համաձայնութիւնը գոյանայ) երկու տարեշրջանով, այսինքն` մինչեւ 2028-ի յունիսի վերջը: Անոր մէջ պէտք է նշուին նաեւ հետեւեալ պայմանները.
– Ակումբը պէտք է նշանակէ մամլոյ քարտուղար Մուրինիօ կը ցանկայ հանդէս գալ բացառապէս իբրեւ մարզիչ եւ ոչ թէ ակումբի պաշտօնական բանբեր: «Սփեշըլ Ուան»-ը չի ցանկար, որ իր ոչ մարզական յայտարարութիւններուն պատճառով սկսին վէճեր:
– Լիակատար մարզական անկախութիւն: Փորթուգալցին դէմ է, որ ղեկավարութենէն որեւէ մէկը ազդեցութիւն ունենայ մարզական որոշումներուն վրայ: Փերես ստիպուած պիտի ըլլայ համաձայնիլ եւ զիջիլ իր դիրքերը: Մուրինիօ կը պահանջէ, որ ինք ղեկավարէ խումբը, իսկ Փերես` ակումբը:
– Ֆիզիքական պատրաստութեան գծով մարզիչ Անթոնիօ Փինթուսի հեռացումը: Մուրինիօ չի ցանկար իր խմբակին մէջ տեսնել Փերեսի «լրտեսները»: Ան կը պահանջէ ուղիղ կապ Փերեսի հետ, առանց միջնորդներու: Այս պահանջը կրնայ ամէնէն խնդրայարոյցը ըլլալ, որովհետեւ Փերես մեծապէս կը վստահէր Փինթուսին:
– Բժշկական շտապի վերահսկողութիւն: Մարզիչը կը պահանջէ, որ ֆութպոլիստները ցանկութեան պարագային կարենան խորհրդակցիլ այլ բժիշկներու հետ` այլ կարծիք ալ լսելու նպատակով: Բացի այս կէտէն, Ժոզէ Մուրինիօ կը ցանկայ անձամբ մասնակցիլ բժիշկներու հետ խաղցողներու առողջական վիճակի քննարկումներուն:
63 տարեկան Մուրինիօ 2010-ին միացած էր Ռէալ Մատրիտին` նախապէս Փորթոյի եւ Ինթեր Միլանի հետ «Չեմփիընզ լիկ» շահելէ ետք: Ան 2011-2012 տարեշրջանին շահած էր «Լա լիկա»-ն եւ Սպանիոյ գերբաժակը, բայց ձախողած Ռէալ Մատրիտի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոս շահիլ: