Վիքթոր Ուեմպանեամա 19 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ ծանր պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը 133-95 արդիւնքով:
Սան Անթոնիօ, որ 1983-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսքան բարձր թիւով կէտեր կը նշանակէր, Մինեսոթայի պատմութեան ամէնէն քիչ կէտերով մրցումը պարտադրեց:
Սթեֆըն Քեսըլ (21 կէտ) եւ Տը՛Արոն Ֆոքս (16 կէտ) եղան Սփըրզի լաւագոյն մարզիկներէն, որոնք 41 տոկոս յաջողութեամբ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին: Անթոնի Էտուըրտծ անգամ մը եւս պահեստի աթոռներէն մասնակցեցաւ, սակայն նոյնքան ազդու չէր, ինչպէս առաջին ճակատումին:
Այժմ 1-1 արդիւնքով հաւասար խումբը երկու մրցումներ պիտի կատարեն Մինեսոթայի դաշտին վրայ:
Նիւ Եորք Նիքս 108-102 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի, որ այժմ պիտի հիւրընկալէ 2 յաջորդական մրցումներ:
Նիւ Եորք Նիքս 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ, ուր Քարլ-Անթոնի Թաունզ 20 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ֆիլատելֆիայէն փայլեցաւ Թայրիս Մեքսի, որ 26 կէտ նշանակեց:
Պէտք է ըսել, որ 4-րդ մասին զուտ պաշտպանողական էր մրցումը, ուր Նիւ Եորք 19 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Ֆիլատելիֆա… 12:
Այսօր առաւօտեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր պիտի հիւրընկալէ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, մինչ Տիթրոյիթ Փիսթընզ պիտի հիւրընկալէ Քլիվլենտ Քեվելիրզը: Թանտըր եւ Փիսթընզ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանան: