Չաւի Կրնայ Միանալ Չելսիին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ եւ գլխաւոր մարզիչ Չաւի կրնայ «փրեմիեր լիկ»-ին մէջ խումբ մարզել: Ինչպէս կը հաղորդէ բրիտանական «Ինտիփենտընթ» պարբերականը, սպանացի մասնագէտը շատ հաւանաբար ստանձնէ Լոնտոնի Չելսի ակումբին ղեկը:

Ըստ աղբիւրին, լոնտոնեան ակումբը սկսած է նոր գլխաւոր մարզիչի փնտռտուքի, մանաւանդ երբ նախկին մարզիչ Լիամ Ռոաենիոթի հետ համագործակցութիւնը դադրեցաւ: Կը նշուի, որ Չելսիի ղեկավարութիւնը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Չաւիի վրայ, մանաւանդ որ այս վերջինին խաղաոճը շատ առումներով նման է Էնցօ Մարեսքայի օրերուն խումբին ցուցադրած ֆութպոլին:

Յիշեցնենք, որ 2024-ի ամրան լքելէ ետք Պարսելոնան, Չաւի տակաւին ոչ մէկ խումբ մարզած է:

Ինչ կը վերաբերի Չելսիի, անոր այս տարեշրջանը բաւական դժուար վիճակ ունէր: 35 հանգրուաններ ետք լոնտոնեան խումբը 48 կէտ ունի եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի հասնելու դիրքերէն հեռու` 9-րդ դիրքին վրայ:

Իտալացի Էնցօ Մարեսքա 1 յուլիս 2024-էն մինչեւ այս տարուան առաջին օրը կը մարզէր, բայց անոր հեռանալէն ետք խումբը յաջողութիւն չկրցաւ գտնել անգլիացի Լիամ Ռոսենիորի հետ, որ 8 յունուարէն մինչեւ 22 ապրիլ մարզեց: Այժմ օգնական մարզիչ Քալում Մաքֆըրլէյն ինքն յանձն առած է խումբին մարզումը մինչեւ պաշտօնական մարզիչի մը նշանակումը:

Պէտք է ըսել, որ Չելսի 2000-էն ետք իր ամէնէն յաջող ժամանակաշրջանը ոււնեցաւ գերմանացի Թոմաս Թուխելի հետ, որ յունուար 2021-էն սեպտեմբեր 2022 կրցած էր շահիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ը, Եւրոպայի գերբաժակ, եւ ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալը 2021-ին: Կրահամ Փոթըրի եւ Ֆրանք Լամփարտի ձախողութիւններէն ետք արժանթինցի Մաուրիսիօ Փոքեթինօ միջակ արդիւնքներ ձեռք ձգելէ ետք Էնցօ Մարեսքա կրցած էր աւելի յաջողիլ` շահելով 2025-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ը, ինչպէս նաեւ 2025-ի ակումբներու մոնտիալը:

 

Leave a Comment