Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթ 30 մայիսին պիտի հիւրընկալէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը անցեալ տարուան ախոյան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Արսենալի միջեւ:
Տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կրցաւ դուրս ձգել Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, մինչ Արսենալ դուրս ձգեց Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
Փարիզ Սեն Ժերմեն աւելի փորձառու մարզիչով ինք կրցաւ որոշել մրցումին ընթացքը, մանաւանդ իրեն օգնեց կանուխ նշանակուած Տեմպելէի կոլը (3-րդ վայրկեանին): Պայերն բնականաբար իշխեց մրցումին վրայ, բայց ֆութպոլի լեզուով իշխելը իմաստ չունի, երբ առիթներդ կոլերու չես վերածեր:
Մանր սխալ որոշումներ եղան «անփորձ» իրաւարար Ժոաօ Փինհէյրոյի կողմէ, որ զարմացուց մինչեւ իսկ ֆութպոլի մասնագէտները: Փարիզի ձախ ծայրի պաշտպան Նունօ Մենտեշ, որ 8-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացած էր, աւելի ուշ գնդակին ձեռքով դպաւ, բայց… ՎԱՐ-ը չմիջամտեց, եւ աւելին` սուլիչը զարմանալիօրէն ի նպաստ ֆրանսական ակումբին էր:
31-րդ վայրկեանին դաշտը ցնցուեցաւ, երբ Վեթինիա կը փորձէր գնդակը մեծ քառակուսիէն դուրս ղրկել, բայց զսպուեցաւ այլ փորթուգալցի խմբակիցի մը` Ժոաօ Նեւիշի ձեռքով, բայց… սուլիչ չկար փենալթիի: Վստահաբար վիճելի սուլիչ էր, եւ երկու մասնագէտներ կրնան վիճիլ տա՞լ, թէ՞ չտալ: Բնակաբար փորթուգալցի իրաւարարը շարունակեց մրցումը, որ մեծ մասամբ եղաւ անցեալ տարուան Փարիզ Սեն Ժերմենի յաջողութեան բանալիին նման, պաշտպանուիլ եւ հակայարձակումներու վստահիլ:
Օրուան աստղն էր վրացի Քվիչա Քվարացխելիա, որ թէ՛ մրցումին առաջին կոլը պատրաստեց Տեմպելէին, թէ՛ ալ ամբողջ մրցումին միշտ վտանգեց Պայերնի բերդը:
Պայերն Միւնիխի յարձակողական ուժը մեծ դժուարութիւն ունեցաւ ճեղքելու ֆրանսական պաշտպանողականը, ուր փայլեցան էքուատորցի բարձրահասակ Ուիլիան Փաչօ եւ ուքրանացի բերդապահ Մաթվէյ Սաֆոնով:
Պայերնի ֆրանսացի Մայքըլ Օլիսէ բազմիցս փորձեց տեղը փոխել աւելի ազատ խաղալու, բայց տարեշրջանի կարեւորագոյն մրցումին չկրցաւ ինքզինք փաստել: Միջնապահներ Եոշուա Քիմիչ եւ Ալեքսանտր Փաւլովիչ, Ժամալ Մուսխալայի նման բաւական անել վիճակի մէջ էին, ուր Վիթինիա, Նեւեշ, Ֆապիան Ռուիս եռեակը կրցան զսպել անոնց: Հերի Քէյնի կոլը բաւական ուշացաւ (94-րդ վայրկեանին), ուր արդէն Պայերն գրեթէ անյոյս էր վերադառնալու մրցումի մթնոլորտին:
Պայերնի միակ հարցը (այս մրցումին) կանուխ կոլ ստանալը եւ ուշ նշանակելն էր, մինչ իրաւարարներու սխալներուն «վարժուած» է տարիներէ ի վեր:
Փարիզի Սեն Ժերմեն աւելի փորձառու էր եւ յաջորդաբար երկրորդ տարին պիտի խաղայ աւարտականին` դառնալով պատմութեան առաջին ֆրանսական ակումբը, որ 3 անգամ կը հասնի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական:
Արսենալ բաւական լաւ ֆութպոլ խաղցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, եւ 1-0 արդիւնքով կրցաւ յաղթել շնորհիւ Պուքայօ Սաքայի կոլին:
Արսենալ, որ երթին 1-1 արդիւնքով կրցած էր աւարտել Սպանիոյ մէջ մրցումը, 20 տարիներ ետք կրցաւ պատմութեան իր 2-րդ աւարտականին հասնիլ: