16 տարեկան Քրիսթոֆ Ֆեղալի, որ «Ֆորմիւլա 4»-ի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ անցեալ տարի, «Եուրո Քափ-3» մրցաշարքի իր առաջին եղանակի մրցումին կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը շատ աւելի փորձառու վարորդներու կողքին, «Տրայվեքս» խումբին հետ:
Սպանական «Տրայվեքս»-ի վարորդը, որ Ապտօ Ֆեղալիի զաւակն է եւ Միջին Արեւելքի ամէնէն յաջող վարորդ Ռոժէի եղբօրորդին, Ֆրանսայի «Փոլ Ռիքար» շրջավազքին վրայ կրցաւ պարտութեան մատնել փոլ փոզիշընի վրայ գտնուող թայլանտցի Էնզօ Թառնվանիչքուլ Սուֆավերան, շնորհիւ իր վարելու յարձակողական ոճին` փաստելով, որ լիբանանցի վարորդները բնաւ ետ չեն մնար միջազգային վարորդներէն: