Մխիթարեան Իր Վերջին Մրցումները Կը Կատարէ Ինթեր Միլանի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան, որ պատմութեան լաւագոյն հայ ֆութպոլիստներէն մէկն է եւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետը, այս ամիս շատ հաւանաբար իր ասպարէզի վերջին ամիսը կը բոլորէ:

«Կացեթթա Տելլօ Սփորթ»-ի համեմատ, Ինթեր շատ հաւանաբար չերկարաձգէ 37 տարեկան Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը: Կը հաղորդուի, որ այս տարեշրջանէն ետք միլանի ակումբը կրնան լքել նաեւ Մաթէօ Տարմեան, Ֆրանչեսքօ Սոչերպի, Եան

Մխիթարեանի համար այս տարեշրջանը իրապէս կրնայ իր վերջինը ըլլալ:

Աւելի կանուխ ան յայտնած էր, թէ փափաք չունի իր ասպարէզը շարունակել այլ երկրի մէջ, եթէ Ինթեր անոր նոր պայմանագրութիւն չառաջարկէ:

Անոր ընտանիքը հանգիստ կը զգայ Միլանի մէջ, իսկ իր որդին կը մարզուի Ինթերի հետ:

Միեւնոյն ժամանակ, Մխիթարեան կրնայ իտալական այլ խումբ փոխանցուիլ, բայց մինչեւ այս պահս տեղեկութիւն չկայ: Այս ձեւով Մխիթարեանի համար յառաջիկայ ելոյթները Լացիօ Ռոմայի դէմ 9 եւ 13 մայիսին (բաժակի աւարտական), ինչպէս նաեւ Վերոնայի եւ Պոլոնիայի դէմ մրցումները կրնան ըլլալ Ինթերի հետ անոր վերջին ելոյթները:

 

 

Leave a Comment