Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Չի բաւեր, որ թշնամին կը սպաննէ եւ կ՛ահաբեկէ մեր երիտասարդները, մեր հողը գետնի հաւասար կ՛ընէ, մեր սեփականութիւնները կը քանդէ, եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ու ամէն տեղ սպանութիւն, քանդում եւ գետնի հաւասարում կը տարածէ, ան մեր սրբութիւններուն դէմ սկսած է աւերիչ լրատուական պատերազմ, որուն միջոցով կ՛ուզեն Դիմադրութեան արիւնն ու դատը կորսնցնել ամերիկեան եւ իսրայէլեան այս սադրիչ ու մարդասպան բոլոր հորդաներուն մէջ»:
«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սկսած լրատուական պատերազմին նպատակը սադրանք յառաջացնելու փորձն է, որովհետեւ տեսան, թէ պատերազմին ընթացքին չկրցան Դիմադրութիւնը պարտութեան մատնել, ուստի վարկաբեկեցին մեր ընդհանուր քարտուղարը, որ կրօնական, ժիհատական եւ սուրբ խորհրդանիշ է, որովհետեւ այս Դիմադրութեան ղեկավարն է, եւ մենք ամբողջովին կը մերժենք տեղի ունեցածը, ինչպէս նաեւ կը մերժենք կրօնական հեղինակութիւններուն ու խորհրդանիշերուն վարկաբեկումը, արդարադատական իշխանութիւններուն, տեղեկատուութեան նախարարին եւ Տեղեկատուութեան ազգային խորհուրդին կոչ կ՛ուղղենք` հեղինակները հաշուետուութեան ենթարկելու», ըսաւ երեսփոխանը:
«Սրբազան խորհրդանիշերը պղծելու եւ սադրանք հրահրելու յանցագործութիւնը չի կրնար աննկատ մնալ, եւ ոչ ոք ատոր մասին կը խօսի, եւ անոնք ատոր վրայ աչք կը փակեն: Իսկ եթէ անոնց յանցագործութեան, որուն անոնք մարդոց ներքաշած են, արձագանգ կ՛ըլլայ, դատական եւ անվտանգութեան համակարգերը զօրաշարժի կ՛ենթարկուին եւ տրամադրութեան տակ կը դառնան: Ասիկա երկակի չափանիշերու եւ երկակի կշիռքներու մերժելի քաղաքականութիւն է: Օրէնքը պէտք է պարկեշտութեամբ ու թափանցիկ կերպով բոլորին վրայ կիրարկուի, իսկ քաղաքական կամայականութիւնն ու արդարադատութիւնն ու օրէնքը կամայական կերպով օգտագործելը ընդունելի չէ, եւ պիտի չընդունինք եւ զայն մինչեւ վերջ պիտի հետապնդենք», ըսաւ Մուսաուի: