Թուրքը Չհասաւ Իր Նպատակին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԳՐԻԳՈՐ ՇԻՇԷՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ

Երկար տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, սակայն վրէժի կրակը տակաւին վառ է իւրաքանչիւր հայու մէջ: Թուրքը փորձեց ջնջել հայը աշխարհի քարտէսէն, բայց չհասաւ իր նպատակին, ան փորձեց սպաննել ամբողջ ցեղ մը` մոռնալով, որ հայ ժողովուրդը հունտի նման ծլող ազգ մըն է:

Ապրիլ 24-ը բոլորիս համար պահանջատիրական կենդանի թուական մըն է, որ ամէն անգամ մեզի կը յիշեցնէ մեր գոյութիւնը. իւրաքանչիւր հայու համար ամէն օր պէտք է պահանջատիրութեան եւ պայքարի օր ըլլայ, որովհետեւ պայքարով է, որ հայ ժողովուրդը կերտած է անցեալի յաղթանակները եւ պահած` իր ինքնութիւնը, լեզուն ու պատմութիւնը եւ պայքարով պիտի վերատիրանայ իր հողերուն ու իրաւունքներուն. մենք սերունդէ սերունդ փոխանցուած պահանջատիրութեան ջահը այսօր պէտք է վառ պահենք եւ ապա փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն:

Թուրքը նոյնիսկ 1,5 միլիոն հայ ջարդելով չկրցաւ ջնջել հայը, որովհետեւ հայը մերժեց տկարանալ ու յանձնուիլ, այլ երեք տարիներ ետք կրցաւ անկախութիւն կերտել, ապա «Նեմեսիս»-ի վրիժառու բազուկներով պատժեց թուրք փաշաները, այնուհետեւ երկար տարիներ ետք Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատունը գրաւելով` ցոյց տուաւ աշխարհին, որ հայը չէ մոռցած իր Դատը եւ տակաւին պահանջատէր է:

Պատմութեան դասերը շուտով կրնան մոռցուիլ, եթէ չըլլան պահանջատէր մարդիկ` յիշեցնելու անցեալին եղած ցեղասպանութիւնները: Ապրիլ 24-ը պարզապէս թուական մը չէ, անկէ ետք վերածնունդն էր հայ ժողովուրդին, եւ այդ վերածնունդը սկսաւ Տէր Զօրի անապատէն` հասնելով աշխարհի չորս ծագերը:

Այսօր դժբախտաբար մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ մուտք կը գործեն թրքաբարոյ երեւոյթներ, եւ այս երեւոյթները անտարբեր չեն կրնար ձգել մեզ: Յիշեցնենք, որ թրքական արտադրութիւններ վաճառելով, հայկական տուներու մէջ թրքական երգեր ունկնդրելով, Թուրքիոյ ծովափները վայելելով, իսկ յետոյ ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութիւնը յիշելով չէ, որ մենք պահանջատէր կ՛ըլլանք:

Պէտք չէ մոռնանք, որ թուրքը տակաւին մեր թշնամին է, պէտք չէ մոռնանք Տէր Զօրի անապատին մէջ սովամահ եղած մեր նախահայրերը, պէտք չէ մոռնանք Հայ դատը եւ անոր ճամբուն վրայ նահատակուած հերոսները:

Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ մեր դարաւոր թշնամին կը փորձէ ջնջել մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ նոյնիսկ` Եկեղեցին:

Իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ, իբրեւ «Նեմեսիս»-ի ժառանգորդներ` այսօր մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ, պարտաւոր ենք պահանջել եւ մեր ըսելիքն ու ընելիքը ունենալ, որովհետեւ ապագայի բոլոր յաղթանակները մեզի եւ ապագայ սերունդներուն վստահուած են:

 

 

 

Leave a Comment