Ապրիլ 24-ը օր մը չէ, զոր տարին մէկ անգամ կը յիշենք: Ան զգացում մըն է, որ մեր կեանքին ագուցուած կը քալէ ամէն օր: Ան ներկայ է մեր մտածումներուն մէջ, մեր խօսքերուն մէջ, մեր լռութիւններուն մէջ: «Ո՞վ ենք մենք», «Ուրկէ՞ կու գանք»` հարցումներ, որոնց պատասխանները հազարաւոր անգամ լսած ենք: Բայց այդ պատասխանները երբեք չեն բաւարարեր այն խոր զգացումին, զոր ունինք` ապրելու մե՛ր հողին վրայ, մե՛ր մշակոյթով, այն վայրին մէջ, որուն մեր ժողովուրդը պատկանած էր:
Այս փափաքը չի մարիր: Ժամանակը կրնայ անցնիլ, սերունդները կրնան փոխուիլ, բայց այդ կարօտը կը մնայ նոյնը: Այս զգացումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք պարզ անցեալի մը ժառանգորդները չենք, այլ շարունակողներն ենք:
Ո՞վ ենք մենք: Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կը կառչի իր ինքնութեան: Մենք չենք խառնուիր այնքան, որ մոռնանք մեր արմատները: Մենք չենք լուծուիր այնքան, որ կորսնցնենք մեր անունը: Պատմութիւնը արդէն ցոյց տուած է, թէ որքան փորձ եղած է մեզ փոխելու, լռեցնելու, ջնջելու: Բայց մենք մնացած ենք նոյն լեզուով, նոյն յիշողութեամբ, նոյն գիտակցութեամբ:
Ամէն հայ իր մէջ կը կրէ արդարութեան զգացումը: Ան ծնած է այն անարդարութենէն, որ կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ, այն կեանքերէն, որոնք խլուեցան առանց պատասխանատուութեան:
Մենք չենք կրնար ընդունիլ մոռացութիւնը իբրեւ լուծում: Երբ անցեալը կը մերժուի կամ կը խեղաթիւրուի, վէրքը կը մնայ բաց: Արդարութիւնը մեզի համար կը նշանակէ ճանաչում, յիշողութիւն եւ պատասխանատուութիւն:
Այնքան ատեն որ այս արդարութեան պահանջը կենդանի է, մեր գործը վերջ չունի` իբրեւ պարտաւորութիւն թէ՛ մեր մեծերուն յիշատակին եւ թէ՛ ապագայ սերունդներուն հանդէպ: Մենք կը շարունակենք խօսիլ, գրել, յիշեցնել, որովհետեւ լռութիւնը կը ծառայէ մոռացութեան, իսկ մենք չենք ուզեր մոռնալ:
Մենք կը յիշենք ոչ միայն անցեալը, այլ նաեւ այն, ինչ կարելի էր ըլլալ: Կը մտածենք այն կեանքին մասին, զոր կարելի էր ունենալ մեր հողին վրայ: Բայց միեւնոյն ժամանակ մենք կ՛ապրինք այն իրականութիւնը, զոր ունինք այսօր, եւ այդ իրականութեան մէջ կը փորձենք կառուցել, վերակերտել, փոխանցել:
Ապրիլ 24-ը կը յիշեցնէ մեզի մեր կորուստը, բայց նաեւ մեր գոյութիւնը: Կը յիշեցնէ, թէ որքան բան խլուած է մեզմէ, բայց նաեւ` թէ ինչքա՛ն բան տակաւին կը պահենք:
Եւ քանի դեռ մենք կը հարցնենք, կը յիշենք, կը պահանջենք արդարութիւն, մեր պատմութիւնը չի փակուիր, մեր դատը չի մարիր, այլ կը շարունակուի մեզմով: